ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԲԱՆԱԿ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին պատմականօրէն կարեւոր նշանակութեամբ փաստաթուղթ մը։ 1963 թուականին երկու երկիրներու այդ շրջանի ղեկավարներուն՝ Շարլ տը Կոլի եւ Քոնրատ Ատենաուըրի կողմէ ստորագրուած Էլիզէի համաձայնութենէն 56 տարի անց երկու երկիրները վերահաստատեցին ու թարմացուցին իրենց յանձնառութիւնները։ Ախընի համաձայնագիր կը կոչուի այս մէկը, որ կը սահմանէ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի յառաջիկայ տասնամեակներու յարաբերութիւններու շրջագիծը։ «Էլիզէ 2.0» ալ կը կոչուի այս փաստաթուղթը, որու ըս-տորագրման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները՝ Ժան-Իվ Լըտրիան եւ Հէյքօ Մաաս։

Գերմանիոյ վարչապետ Մերքէլ յայտնեց, որ այս փաստաթուղթը կը համարուի առաջին քայլ մը դէպի Եւրոպայի բանակ։ Ըստ իրեն, Ֆրանսա-Գերմանիա համատեղ զինուորական մշակոյթի մը ստեղծման հետամուտ է այս փաստաթուղթը, որ պիտի նպաստէ Եւրոպայի բանակի մը հիմնուելուն եւ այս ուղղութեամբ քայլ մըն է։

Երկու երկիրները կ՚անդամակցին ՆԱԹՕ-ին ու կը համարուին Եւրոմիութեան շարժիչ ուժը։ Թէեւ այդ հարթութիւններուն վրայ արդէն ունին համապատասխան յանձնառութիւններ, սակայն Փարիզ եւ Պերլին ներկայիս պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն փոխադարձ զօրակցութեան համար։ Անոնք որեւէ զինեալ յարձակման պարագային միասնաբար շարժման պիտի անցընեն իրենց զօրքերն ու բոլոր հնարաւորութիւնները։ Սա ի զօրու պիտի ըլլայ նաեւ ահաբեկչական յարձակումներու պարագային։ Կողմերը որոշած են առաւել սերտ ձեւով համակարգել իրենց մօտեցումները ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս։ 28 յօդուածէ բաղկացեալ համաձայնութիւնը կը նախատեսէ նաեւ կողմերու ներդաշնակութիւնը զարգացնել տնտեսութեան եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն միջոցէ մը ի վեր կը պաշտպանէ այն մօտեցումը, թէ Եւրոպա ռազմական առումով պէտք է անկախանայ Միացեալ Նահանգներէն։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ հակազդած էր այդ մօտեցման՝ յիշեցնելով, որ Բ. Աշխարհամարտի ժամանակ ԱՄՆ չէր յարձակած Ֆրանսայի վրայ, ընդհակառակն՝ փրկած էր զայն։

Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ ստորագրուած այս նոր համաձայնագիրը կարեւոր է նաեւ ժամկէտին առումով, որովհետեւ այդ մէկը կը զուգադիպի BREXIT-ի շրջանին, երբ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Անգլիոյ ԵՄ-էն դուրս գալու գործընթացին վրայ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019