ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ան կ՚ունենայ կարեւոր հանդիպում մը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիայէ դուրս գալու որոշումէն վերջ Էրտողան եւ Փութին առաջին անգամ կը տեսակցին երես երեսի։ Միեւնոյն ժամանակ սա Էրտողանի 2019 թուականի արտասահմանեան առաջին ուղեւորութիւնը կը հանդիսանայ։

Միջազգային հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի երկու ղեկավարներու հանդիպման, որու օրակարգին վրայ կը գտնուի Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիի մը ստեղծման հարցը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան-Փութին բանակցութիւններու առանցքային նիւթերու շարքին կը գտնուին՝ ԱՄՆ-ի Սուրիայէ քաշուելու գործընթացը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, Սուրիոյ մէջ անվտանգ գօտիի մը ստեղծուիլը եւ Թուրքիոյ կողմէ Եփրատի արեւելքի համար նախատեսուած գործողութիւնները։

Միօրեայ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Էրտողան նախ առանձնազրոյց մը կ՚ունենայ Փութինի հետ, իսկ աւելի վերջ երկու ղեկավարները կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ ԱՄՆ-ի զօրքերու Սուրիայէ հեռանալու որոշումէն վերջ առնուելիք քայլերուն շուրջ մանրամասն քննարկումներ կը ծաւալեն երկու ղեկավարները։ Այդ գործընթացին զուգահեռ տարածքաշրջանէն ներս պարապութեան մը ծագիլը կանխելու համար Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը նախատեսեն ձեռք առնել շարք մը նախազգուշական միջոցներ։

Մինչ այդ, Էրտողանի ուղեւորութեան ընդառաջ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան շուրջ մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019