ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԱՆՁՆԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Տաւոսի մէջ, ուր կը գտնուէին մասնակցելու համար Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ունեցան անպաշտօն ձեւաչափով հանդիպում մը եւ անոնց զրոյցը տեւեց մէկուկէս ժամ։ Սա անշուշտ կարեւոր առանձնազրոյց մըն էր՝ մանաւանդ, որ մօտաւոր անցեալին երկու հանդիպումներ տեղի ունեցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, երկու ղեկավարները երէկուան հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակին եւ ապագայ քննարկումներուն շուրջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի Փարիզի վերջին հանդիպման զուգահեռ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցած էին, որ կը պատրաստուին մօտաւոր ապագային այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։

ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ԱՅԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի մէջ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ծիրէն ներս ունեցաւ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան նախագահ Սումա Չաքրապարտիի եւ Ասիական զարգացման դրամատան նախագահ Թաքէհիքօ Նաքաոյի հետ։ Այս երկու դրամատուներն ալ երկար ժամանակէ ի վեր կը համագործակցին Հայաստանի հետ՝ մասնաւորապէս վարկեր կը տրամադրեն ենթակառուցուածքային մեծ ծրագրեր կեանքի կոչելու նպատակով։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Չաքրապարտիի հետ զրուցելու ժամանակ նշեց, որ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան ծրագրերը մեծ նշանակութիւն ունին Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներուն եւ տնտեսական զարգացման օրակարգին համար։ Այդ ծիրին մէջ նախատեսուած են մասնաւոր հատուածի մրցունակութեան խթանումը, դրամագլուխային շուկաներու զարգացումը, կոշտ թափօններու կառավարումը, ջրամատակարարման համակարգի բարելաւումը, քաղաքային լուսաւորութիւնը եւ այլ ուղղութիւններ։ Չաքրապարտին ալ ընդգծեց, որ իր գլխաւորած դրամատունը պատրաստ է շարունակել օժանդակութիւն բերելու Հայաստանի կառավարութեան զանազան ոլորտներէ ներս նախատեսուած ծրագրերուն։ Այդ աջակցութիւնը պիտի ըլլայ թէ՛ ելմտական, թէ խորհրդատուական հարթութեան վրայ։

Նիկոլ Փաշինեան Թաքէհիքօ Նաքաոյի հետ ալ քննարկեց Հայաստանէ ներս Ասիական զարգացման դրամատան աջակցութեամբ ձեռնարկուած ծրագրերու ընթացքը։ Այս ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ ճանապարհաշինութեան, Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման, ենթակառուցուածքներու զարգացման, սիսմիք անվտանգութեան բարելաւման եւ այլ բնագաւառներու։

Տաւոսի մէջ Փաշինեան կարճատեւ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Պրազիլի նախագահ Ժաիր Պոլսոնարոյի, Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Սաւիէ Պեթէլի եւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մաթպուլիի հետ։ Շարք մը կլոպալ ընկերութիւններու գլխաւոր գործադիր տնօրէններուն հետ ալ հանդիպեցաւ Փաշինեան, որ Տաւոսի մէջ հարցազրոյցներ ալ տուաւ կարգ մը միջազգային լրատուամիջոցներու։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019