ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄ

Երեւանի մէջ այս օրերուն կը նշուի մեծ բանաստեղծուհի եւ հասարակական գործիչ Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակը։ «Հայփոստ» ընկերութիւնը այս յոբելեանը արժեւորելու համար թողարկած է յատուկ նամականիշ մը՝ որպէս յարգանքի դրսեւորում։ Սիլվա Կապուտիկեանի յիշատակին թողարկուած այս դրոշմաթուղթին համար երէկ կնքման հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու տան մէջ։ Այս առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան, որ ըսաւ. «Կապուտիկեան խորապէս ճանչնալով իր եւ իր ժողովուրդի անցեալը, կենսագրութիւնը, իր ստեղծագործութիւններով արտայայտեց հայու ճակատագիրը, հայ մարդու կեցութիւնը, ընթացիկ կեանքի խնդիրները, հասարակական, քաղաքական հարցերը։ Կապուտիկեան հայ կնոջ, հայ մօր, մայր իշխանութենէ եկած արթուն բնազդով անձ մըն էր, որ կը փափաքէր պահպանել երկիրը, հայ քաղաքացին, սատարել սփիւռքահայերուն։ Իր «Խօսք իմ որդուն» ստեղծագործութիւնը դարձաւ սփիւռքի լեզուապահպանման հիմքը»։

120 հայկական դրամ անուանական արժէքով այս նամականիշը տպագրուած է Ֆրանսայի «Քարթոր» տպագրատան մէջ, 30 հազար տպաքանակով։ Գեղարուեստական ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ»ի մասնագէտներէն Դաւիթ Տովլաթեան։ Դրոշմաթուղթի վրայ պատկերուած է Սիլվա Կապուտիկեանը՝ ստեղծագործելու ժամանակ։

Երէկուան արարողութեան ընթացքին օրհնութեան խօսք մըն ալ արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Սիլվա Կապուտիկեանի յիշատակին թողարկուած նամականիշի կնքման արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ մտաւորականներ, գրականագէտներ եւ հասարակական գործիչներ։ Նամականիշը ստորագրեցին ու կնքեցին Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեան, «Հայփոստ» ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Խուան Փապլօ Քեչեճեան, Հայաստանի Ֆիլաթելիստներու նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան եւ Եդուարդ Միլիտոնեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019