ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան։ Ծինատալի մէջ ան ընդունուեցաւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի կողմէ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու լայն շրջանակ։ Անպաշտօն ձեւաչափի մէջ նախարարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի բարիդրացիական յարաբերութիւններու ընթացքը՝ անոնց խորացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ընթացիկ օրակարգը։

Այվազեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ տեսակցեցաւ վրացի պաշտօնակցին հետ։ Իսկ Զալքալիանի Վրաստանի վերջերս կազմուած նոր կառավարութեան մէջ կոչուած է նաեւ փոխ-վարչապետի պաշտօնին։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021