ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։

«Համոզուած եմ, որ յառաջիկայ տարիներուն հնարաւորը պիտի ընէք՝ ապագայ յառաջընթաց եւ տպաւորիչ ձեռքբերումներ ապահովելու ձեր երկրին համար։ Կ՚ակնկալեմ, որ մեր համագործակցութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ առաջ մղել հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւնները ու կը նպաստէ տարածքաշրջանէ ներս երկար սպասուած խաղաղութեան ու կայունութեան։ Ձեզի եւ ձեր վարչակազմին կը մաղթեմ ամենայն յաջողութիւն», նշուած է մասնաւորապէս Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորականին մէջ։

Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկած է նաեւ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսին, որուն եւս մաղթած է ապագայ յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021