ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան նախընթաց օր երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ՝ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։ Հայ երգահանութեան արուեստի 10-րդ փառատօնին բացումը ազդարարուեցաւ այս փառաշուք համերգով, մինչ յոբելենական երեկոյթին ներկայ գտնը-ւեցան նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Սերկէյ Սմբատեան նշեց, որ յոբելենական փառատօնի ընթացքին պիտի հըն-չեն գործերը այն բոլոր երգահաններուն, որոնց անդրադարձ կատարուած է տասն տարիներու ընթացքին։ Համերգի երգացանկին մաս կազմեցին Կոմիտասի, Արմէն Տիգրանեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Ղազարոս Սարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Եդուարդ Միրզոյեանի, Պետրոս Շուժունեանի եւ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւնները։ Իսկ այս տարուան փառատօնը ձօնուած է Աւետ Տէրտէրեանին։

Համերգի ընթացքին Յասմիկ Պապեան հերթական անգամ ունկնդիրները հրապուրեց իր կուռ ձայնով։ Յայտնի մեներգչուհին եւ նուագախումբը հանդէս եկան գերազանց կատարումներով՝ խոր տպաւորութիւն գործելով երաժշտասէրներուն վրայ։

Հարկ է նշել, որ այս փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ մարտի 13-ը։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019