Երեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2024
ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի մէջ Սահմանադրութեան բարեփոխման զուգահեռ կը մշակուի նոր ընտրական օրէնսգիրք մը, որու կապակցութեամբ երկրի խորհրդարանէն ներս երէկ տեղի ունեցան լսումներ։ Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան այս առթիւ անդրադարձաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկներուն։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, թէ իշխանութիւններու նպատակն է ունենալ այնպիսի ընտրական օրէնսգիրք մը, որով պիտի բարձրանայ վստահութեան մակարդակը։
Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016