«Էլիս Այլընտ» Պատուոյ Շքանշանին Կ՚արժանանան Եօթ Հայեր

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթեր­թին մէջ կը կար­դանք.-

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ազ­գա­յին ազ­գագ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մախմ­բու­մը հրա­պա­րա­կած է 2017-ի «Է­լիս Այ­լընտ» պա­տուոյ շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցող­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, ո­րոնց մէջ կան եօթ հա­յեր:

Այս տա­րուան հայ շքան­շա­նա­կիր­ներն են՝ բա­րե­րար Վա­րանդ Ֆրենք Մել­քո­նեան, մի­զա­բան Տքթ. Կա­րօ Դեր­ձա­կեան, ա­րուեստ­նե­րու ջա­տա­գով Ճոէն Ա­ղա­ճա­նեան-Քուին, բա­րե­րար Ռութ Պե­տե­ւեան, եր­գիչ Էն­տի Անդ­րա­նիկ Մա­տա­տեան, բժշկա­կան կրթու­թեան դա­սա­խօս Տքթ. Ա­րա Թէ­քեան եւ Օր­լան­տո­յի (Ֆլո­րի­տա) Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ ծու­խի նուի­րեալ­նե­րէն՝ Լու­սին Մար­տի­րո­սեան-Հար­վի։

Նո­պէ­լեան մրցա­նակ շա­հող­ներ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ­ներ, ինչ­պէս նաեւ գոր­ծա­րար­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, ա­րուես­տա­գէտ­ներ, մար­զիկ­ներ եւ զա­նա­զան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ցարդ ար­ժա­նա­ցած են այս պա­տի­ւին: Շքան­շա­նը կը տօ­նէ ա­մե­րի­կեան կեան­քի այ­լա­զա­նու­թիւ­նը եւ կը մե­ծա­րէ ան­հատ­ներ, ո­րոնք կա­րե­լիու­թիւն­ներ կ՚ըն­ծա­յեն ազ­գա­յին տար­բեր ինք­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ միա­ժա­մա­նակ զա­նոնք ա­մե­րի­կեան կեան­քին մէկ մաս­նի­կը դարձ­նե­լու:

Նշեալ հա­մախմ­բու­մին հաս­տա­տու­մէն ի վեր (1986), սոյն շքան­շա­նը ա­մէն տա­րի կը շնոր­հուի Մա­յիս ամ­սուն կազ­մա­կեր­պուող յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թեան մը ըն­թաց­քին, Նիւ Եոր­քի Է­լիս կղզիին վրայ:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017