ՊԱՅԱԶԻՏԻ ՄԶԿԻԹԻՆ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀ

Յու­նաս­տա­նի Տի­մե­թո­քա քա­ղա­քէն ներս ե­րէկ հրդեհ մը ծա­գե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հնա­գոյն մզկիթ­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Այս­պէս, 1420 թուա­կա­նին կա­ռուցուած օս­մա­նա­կան «Պա­յա­զիտ» մզկի­թէն ներս ծա­գե­ցաւ այս հրդե­հը։ Յիսունչորս հրշէջ­ներ գոր­ծի լծուե­ցան՝ քսաներեք մաս­նա­ւոր ինք­նա­շար­ժե­րով մա­րե­լու հա­մար այս հրդե­հը։ Այս մզկի­թը հա­մաշ­խար­հա­յին ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն մին է։ Սուլ­թան Մեհ­մէտ Չե­լէ­պիի մզկի­թը ա­մե­նա­հինն է Եւ­րո­պա­յի ցա­մա­քա­մա­սէն ներս։ 15-րդ դա­րուն կա­ռու­ցուած այս մզկի­թը 1946 թուա­կա­նէն ի վեր ընդգր­կուած է ճար­տա­րա­պե­տա­կան յու­շար­ձան­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ եւ կը վա­յե­լէ պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը մատ­նան­շէ, որ հրդե­հի հե­տե­ւան­քով մզկի­թը լուրջ վնաս կրած է։ Եր­կու տա­րիէ ի վեր ան ար­դէն վե­րա­նո­րոգ­ման մէջ կը գտնուէր եւ այս վեր­ջին հրդե­հին հե­տե­ւան­քով դժբախ­տա­բար լուրջ վնաս կրած է ա­նոր փայ­տա­կերտ ա­ռաս­տա­ղը, որ աշ­խար­հի կա­րե­ւո­րա­գոյն փայ­տա­կերտ գոր­ծե­րու շար­քին կը դա­սուէր։

Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խարար Եա­նիս Ա­մա­նա­թի­տիս յայտ­նեց, որ վնա­սի դար­ման­ման հա­մար ան­մի­ջա­պէս պի­տի սկսին աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ յայտա­րարու­թիւն մը հրա­պարա­կելով ցաւ յայտ­նեց այս դէպ­քին մա­սին։ Նախա­րա­­րու­թիւ­նը նշեց, որ Յու­­նաս­տա­նի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն կ՚ակն­կա­լուի՝ հրդե­հի ծագ­ման պատ­ճառ­նե­րուն ստու­­գուի­լը։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017