ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ ԲԱՒԱՐԱՐ Է
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտարարեց, որ քորոնաժահրով վարակուած եւ երկրի հիւանդանոցներէն ներս դարմանման տակ առնուած անձերու մեծամասնութեան առողջապահական վիճակը բաւարար է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, որ միայն 14 վարակուածի մօտ նկատուած է թոքերու բորբոքում։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի մէջ կայ քորոնաժահրով վարակուած 194 հոգի։ Ըստ նախարարին, թոքերը բորբոքած վերոյիշեալ 14 հիւանդներէ 6-ի պարագային անհրաժեշտութեան պէտք կայ խտացեալ դարմանման։ Անոնք ներկայիս կը գտնուին «Նորք» հիւանդանոցին մէջ, խտացեալ հսկողութեան տակ են, կը ստանան անհրաժեշտ բուժում, իրենց կը մատակարարուի թթուածին, սակայն արհեստական շնչառութիւն չի կատարուիր անոնց։ «Այս 6 հիւանդներու վիճակը ներկայիս կը համարուի կայուն, սակայն անհրաժեշտ է մշտական հսկողութիւն, ինչ որ կ՚իրականացուի», ըսաւ Արսէն Թորոսեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը ըրաւ նաեւ կարեւոր կանխատեսումներ։ «Շուտով պիտի լրանայ բազմաթիւ քաղաքացիներու մեկուսացման 14-րդ օրը եւ անոնք, հաւանաբար, վերադառնան իրենց առօրեայ կեանքին», դիտել տուաւ Արսէն Թորոսեան եւ աւելցուց, որ քորոնաժահրով վարակուածները քանի մը հիւանդանոցներու մէջ կը բուժուին եւ այնտեղ կը մատուցուին համապատասխան բժշկական ծառայութիւնները։