ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՒ ԱԱԾ-ԷՆ ՆԵՐՍ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ երկրի նորանշանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Եդուարդ Մարտիրոսեանի եւ նոյնպէս նորանշանակ Ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց ԱԱԾ-է եւ Ոստիկանութենէ ներս զարգացման ուղղեալ բարեփոխումներու իրականացումը։ «Պէտք է յստակ ըսել, որ մենք շրջադարձային փոփոխութիւններ չենք կրցած ընել, բայց ըրած ենք ուրիշ բան մը։ Մենք, ըստ էութեան, ի յայտ բերած ենք խնդիրներու մեծ շրջանակ մը, որ այսօր կը խանգարէ մեր երազած Ոստիկանութիւնը եւ ԱԱԾ-ն ունենալ», ըսաւ Փաշինեան եւ ընդգծեց, որ նշանակումները էական գործօն մը կրնան հանդիսանալ այս ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2020