ԱՆԳԱՐԱՅԻ 7-ՐԴ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանը կարեւոր վճիռ մը արձակեց՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն տեսակէտէ։ Այդ դատավճիռով չեղեալ յայտարարուեցաւ 2013 թուականին հրապարակուած այն շրջաբերականը, որով փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութիւնը ջնջուած էր։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը 2013 թուականին այդ շրջաբերականը հրապարակելու ժամանակ պատճառաբանութիւն ցոյց տուած էր, որ աւելի լաւ ընտրական կանոնադրութիւն մը պիտի պատրաստուէր։ Ընթացքին անցեալ ութ տարիներու տեւողութեան այդ նոր կանոնադրութիւնը չհրապարակուեցաւ եւ յառաջացած խնդիրները քանիցս կառավարական պատասխանատուներու նկատառման յանձնուեցան։

Որպէս միջանկեալ կարգադրութիւն՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երկու տարի առաջ նոր կանոնադրութիւնով մը գետին պատրաստած էր՝ փոքրամասնական վաքըֆներու մատակարար մարմիններու կազմերուն ընդգրկել նշանակովի անդամներ, ինչ որ քննադատութիւններու պատճառ դարձած էր։ Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանը ջնջած է նաեւ այս երկրորդ շրջաբերականը։

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այս դատավճռին դէմ կրնայ Վերաքննիչ ատեան դիմել։

Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին մօտ խնդրոյ առարկայ շրջաբերականներուն դէմ դատերը բացուած են իրաւաբաններ Սեդրակ Տավութհանի եւ Սեպուհ Ասլանկիլի կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021