ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՏՆԱՆՑՈՒՄ

Երեւանի Մաշտոցի պողոտային մէջ բացուեցաւ գետնանցում մը, որ Տիանա Աբգարի եւ Միսաք Մանուշեանի յիշատակին ձօնուած պուրակները իրարու կը միացնէ։ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը։ Շինարարական աշխատանքները իրականացուած են «Տաշիր» խումբին կողմէ։

Ստորգետնեայ անցումը մատչելի է նաեւ տեղաշարժի դժուարութիւններով անձերու համար։ Կան շարժասանդուխներ, նաեւ անուասայլակ տեղափոխելու համար սարքեր։ Գետնանցումի ներքեւի հատուածին կը գտնուին խանութներ եւ սրճարաններ, ճաշարաններ։

Ճաշակաւոր, ժամանակակից յարդարանքով միջավայր մը ձեւաւորուած է եւ մուտքի հատուածներուն զետեղուած են հայ զանազան մեծերու դիմանկարները։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021