ՍԷՐ՝ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Պէ՞տք են արդեօք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, կամ ոչ։ Եթէ պէտք են, ապա որո՞ւ իշխանութեան օրօք եւ ի՞նչ կանոններով պիտի իրականացուին անոնք։ Արդեօք անոնց արդիւնքով քաղաքական ճգնաժամը կը մեղմանա՞յ, թէ ընդհակառակն, աւելի կը խորանայ։ Այս բոլորը բանավէճի նիւթեր են եւ քաղաքական ուժերը, իրենց շահերէն ելնելով, հակադիր տեսակէտներ կը յայտնեն։ Մեր քաղաքացիները նոյնպէս նշուած հարցերուն տարբեր պատասխաններ կու տան։ Ընտրութիւններու հարցին մէջ ես չունիմ վերջնական պատասխան՝ անոնք պէ՞տք են, կամ ոչ։ Կարելի է փաստարկներ բերել թէ՛ անոնց իրականացման օգտին եւ թէ անոնց դէմ։ Ես հաստատ գիտեմ միայն բան մը, որ անհրաժեշտ է մեր հասարակութեան՝ մեզի պէտք է յաղթահարել ատելութիւնը։ Երբ դիմատետրի վրայ ես կը կարդամ ատելութեամբ լի դատողութիւններ մէկ կողմէ «դաւաճանի» եւ «անձնտուութեան», միւս կողմէ՝ «թալանճիներու» մասին, այս բանին սովոր եմ։ Բայց այդ դիմատետրի իրականութիւնը տրամադրութիւն ձեւաւորած է նաեւ իսկական կեանքի մէջ։ Մարդիկ ո՛չ միայն ատելութիւն կը դրսեւորեն իրենց պատկերացուցած «հակահերոսներու» դէմ, այլեւ այդ բացասական զգացումները կը տարածեն իրենց մերձաւորներուն վրայ։ Այդ հողի վրայ կը թշնամանան ընկերներ, հարազատներ, նոյնիսկ ընտանիքի անդամներ՝ բնական տարաձայնութիւններէն սարքելով անյաղթահարելի պատեր՝ փշալարերով պատուած։
Եւ այստեղ ես խնդիր կը տեսնեմ ո՛չ միայն Փաշինեանի ընտրազանգուածին մէջ, որու ներկայացուցիչները կրնան խօսիլ միայն «այս երկիրը երեսուն տարի թալանելու» նիւթով։ Զիս, թերեւս, աւելի շատ կը մտահոգէ այն, որ կրթուած, զարգացած մարդիկ՝ լայնախոհութեան, հանդուրժողականութեան օրինակ ցոյց տալու փոխարէն, նոյնպէս ինկած են զգացումներու գիրկը եւ այսքան ատելութեամբ կը խօսին ներկայ վարչապետի եւ անոր ընդդիմախօսներու մասին։ Այստեղ, ի հարկէ, մեծ է Նիկոլ Փաշինեանի մեղքը։ Ան ո՛չ միայն յեղափոխութիւն իրականացուց, «նախորդ իշխանութիւններու» դէմ տարիներ շարունակ ատելութիւն ընդհանրացնելով եւ անոր վրայ հիմնուելով (սա քիչ թէ շատ անխուսափելի էր) իշխանութեան գալով, բայց չունենալով որեւէ դրական ծրագիր՝ չդրսեւորեց պետական մտածողութիւն եւ շարունակեց «ատելութեան գիծը»՝ ա՛լ աւելի բորբոքելով վերոյիշեալ ընտրազանգուածը եւ խորացնելով հասարակութեան պառակտումը։ Եւ հիմա, նախընտրական արշաւի ժամանակ ան, բնականաբար, կ՚օգտագործէ իր ամբողջ հռետորական վարպետութիւնը՝ «շնաբարոյ դուրսպրծուկներու» նիւթը զարգացնելու համար։ Իր ընտրազանգուածի հրճուալից ոռնոցներու ուղեկցութեամբ։ Բայց կրկնեմ՝ ատելութեան ատելութիւն հակադրելը սխալ է, հակաարդիւնաւէտ է՝ ատելութիւնը կարելի է յաղթահարել միայն սիրով։ Այնպէս որ, սիրելի քաղաքացիներ, եղէք «նիկոլական», «սերժական», «ռոպական», թէկուզ «գրիգորամալեանական»։ Սա ամենեւին հիմք չէ՝ ոեւէ մէկը ատելու համար։
*
Շաբաթ օրը Արագածոտնի մարզին մէջ Նիկոլ Փաշինեան նախընտրական հանրահաւաքներ կատարեց եւ անդրադարձաւ՝ մասնաւորապէս, պատերազմի պարտութեան՝ ինչպէս միշտ, մեղքը նետելով իր վրայէն եւ մեղադրելով «նախկինները»։ («Պարտութիւնը իմն է» հռետորական դարձուածքը լիրիք ոճէն է)։ Հանրահաւաքներուն վարչապետի յայտնած տեղեկութիւնները՝ դիւանագիտական շփումներու, սպառազինութեան եւ բուն պատերազմի մասին, ակնյայտօրէն կը հակասէին իր նախորդ յայտարարութիւններուն եւ բազմիցս արձանագրած փաստերուն։
Այս իրողութիւնը յստակեցուցած են ընդդիմադիրները, «նախկինները» եւ՝ մասնաւորապէս, երրորդ նախագահը։ Ինքնին Սերժ Սարգսեանի քննադատութիւնը հիմնականին մէջ ճիշդ է, բայց սխալ է իր հետեւեալ պնդումը. «քեզի այլեւս ոչ ոք կը հաւատայ»։ Սա այդպէս չէ՝ Փաշինեանին կը շարունակեն հաւատալ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, իսկ այդ հաւատալու հիմնական պատճառը այն է, որ այդ մարդիկ չեն հաւատար իրեն՝ Սերժ Սարգսեանին եւ պարզ է, թէ ինչու՝ չկրկնուինք։ Այս պայմաններուն ներքեւ սոյն ընտրազանգուածը պիտի անտեսէ ամենաակնյայտ փաստերը եւ պիտի չցանկանայ լսել վարչապետի ըսածներուն դէմ բերուած ամենահամոզիչ փաստարկները։
Ամբոխավարը կը կարողանայ խաբել ժողովուրդի մեծամասնութիւնը՝ օգտուելով անոր տգիտութենէն, անտեղեակութենէն, նախապաշարումներէն, զգացումներէն, վախերէն։ Պատմութեան մէջ սա ո՛չ առաջին դէպք է ոչ ալ վերջինը։ Եւ խնդիրը ո՛չ թէ խաբողի մէջ է (տաղանդաւոր, պերճախօս մոլորեցնողներ միշտ ալ կը գտնուին) այլ՝ անոնց մէջ, որոնք պատրաստ են խաբուելու։ Եկէ՛ք, ուրեմն, հասկնանք, թէ ինչու տարբեր ժամանակներուն եւ տարբեր ժողովուրդներու հետ նման բաներ կը պատահին։ Այուրվետան՝ հնագոյն հնդկական փիլիսոփայական ուսմունքը կ՚ըսէ. «Քաղաքակրթութիւնները կը կործանուին ո՛չ թէ պատերազմներու, տարերային աղէտներու եւ այլ նման պատճառներով, այլ՝ այն պատճառով, որ մարդիկ կը սկսին մտածել միայն իրենց մասին, միայն այն մասին, որ ստանան, ոչ թէ տան։ Իսկ ներդաշնակութեան հիմնական սկզբունքն է ուժանիւթերու փոխանակումը։ Այդ սկզբունքն իսկ կը բանայ մարդոց սրտերը սիրոյ համար»։ Գուցէ կարելի՞ է այդ նոյն սկզբունքը տարածել նաեւ պետութիւններու, հասարակութիւններու եւ ինչու չէ, նաեւ ընտանիքներու վրայ։ Եթէ սէր չկայ, այդ բոլոր կառոյցները անխուսափելիօրէն կը քանդուին, կը կործանուին կը վերանան։
Եթէ մարդիկ պատրաստ չեն զիրար լսելու, հասկնալու, ներելու, իրարու ձեռք երկարելու, իրարու հետ պայմանաւորուելու, ապա առաջին գծի վրայ կու գան ատելութիւնն ու թշնամանքը։ Մարդիկ կրնան հաւաքուիլ հրապարակներու վրայ եւ մէկու մը հասցէին բղաւել, բայց սա որեւէ ձեւով չի վկայեր հասարակութեան միասնութեան մասին, որովհետեւ այդ հաւաքուածները տուն երթալով կրնան իրարու վրայ մատնագրեր գրել. հրապարակի վրայ զանոնք կը միաւորէր ատելութիւնը, ոչ թէ սէրը։ Ատելութիւնը, վախը, ներքին եւ արտաքին թշնամիին առջեւ, այդ վախով պայմանաւորուած «պաշտպանական դիրքը» իրականութեան մէջ կը տրոհէ հասարակութիւնը, կը թուլացնէ անոր դիմակայութիւնը, կը տանի դէպի կործանում։ Հետեւաբար, խնդիրը ոչ այնքան այս կամ այն յստակ սուտը բացայայտելն է՝ որքան մարդոց մէջ սէրը արթնցնելը։ Սէր՝ մասնաւորապէս, մեր պետութեան նկատմամբ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համադրութիւն՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի
այս օրուան եւ 20 մարտի խմբագրականներու