ՍՐԱՀԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ

Պէյրութի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ նշանակալի իրադարձութիւն մը, որ լիբանանահայութեան տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր՝ առկայ բարդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ժամանակաշրջանին։ Այսպէս, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) առընթեր գործող Հայ երիտասարդաց միութեան «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ վերանորոգեալ սրահի մը հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը։ Լիբանանահայութիւնը, ընդհանրապէս, սփիւռքի ողնայարին մաս կը կազմէ եւ այնտեղ երիտասարդներու ուղղեալ ծրագրերու կեանքի կոչուիլը ունի առանցքային նշանակութիւն։ Բաց աստի, երբ տեղւոյն համայնքը ներկայիս լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի, յառաջացած ընկերային զօրակցութեան կարիքներու դիմագրաւման մթնոլորտին մէջ ալ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կը ստանձնէ կարեւոր դերակատարութիւն։ ՀԲԸՄ-ի կառոյցներու երիտասարդներն ալ անմասն չեն այդ զօրաշարժէն։ Հետեւաբար, անոնց կեդրոնէն ներս կեանքի կոչուած այս ծրագիրը նոր աւիշ պիտի ապահովէ անոնց գործունէութեան ու եռանդին՝ ապահովելով նաեւ համախմբման եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի հնարաւորութիւններ։

«Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնէն ներս մեծ սրահը վերանորոգուած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ իր կողակցին՝ Վերա Սեդրակեանի նուիրատուութեամբ։ Այժմ սրահը վերանուանուած է Սեդրակեան ամոլի անունով։ Սեդրակեաններուն տեսակէտէ սա շատ յատկանշական նախաձեռնութիւն մը կը համարուի, որովհետեւ կը զուգադիպի Պերճ Սեդրակեանի՝ որպէս ՀԲԸՄ-ի նախագահ գործունէութեան 20-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Վերանորոգեալ սրահը ունի ֆիզիքական կատարելագործուած պայմաններ եւ օժտուած է անհրաժեշտ թեքնիկ սարքաւորումներով։ Անոր մթնոլորտն ալ խորհրդանշական է, որովհետեւ պատերուն վրայ տեղադրուած են մեծաթիւ դրուագներ, որոնք կը ցոլացնեն այդ սրահէն ներս ցայսօր տեղի ունեցած յատկանշական բոլոր իրադարձութիւնները, որոնք կը դասուին լիբանանահայութեան կենսունակութեան գործօններու շարքին։

Պերճ Սեդրակեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս սրահի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն զուգահեռ սարքուեցաւ կալա-ընթրիք մը։ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի Արդիւնաբերութեան նախարար Ճորճ Պուժիքեան, խորհրդարանի երեսփոխաններէն Ժան Թալուզեան, Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Արթիւր եւ Թամար Նազարեան բարերար ամոլը, Լիբանանի հասարակութենէն յայտնի դէմքեր, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն անդամներ եւ Լիբանանի մասնաճիւղէն յառաջատար ներկայացուցիչներ։

Ընթրիքի ընթացքին Սիլվա Լիպարիտեան եւ Կերի Նազարեան հանդէս եկան ելոյթներով, որոնց ընթացքին բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան Սեդրակեան ամոլի ապահոված նպաստին շուրջ։

Երեկոյթի ընթացքին Պերճ Սեդրակեանին յանձնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած կոնդակը, որ բարձր գնահատանքի դրսեւորում մըն էր՝ լիբանանահայ իրականութեան բերուած այս կարեւոր նպաստին համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2022