ՄԱՆԿԱՆՑ ՄԵԾ ՕՐԸ

Ապրիլ 23-ի Ազգային գերակայութեան եւ մանկանց տօնին առթիւ այսօր մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ 0րուան տօնին առընթեր, այսօր կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձը։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յատուկ մթնոլորտի մը մէջ կը նշուի Ապրիլի 23-ը։ Բոլոր ազգային տօներուն նման, այս անգամ եւս ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Երկիրը կը վերանորոգէ նաեւ իր գիտակցութիւնը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան, աշխարհավար ու ժողովրդավարական համակարգի պահպանման ուղղութեամբ։ 0րուան տօնին առթիւ պետական աւագանին ալ հրապարակած է շնորհաւորական պատգամներ՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի։ 23 Ապրիլի պատգամին մէջ Էրտողան նշեց, թէ այս տօնը ժողովրդավարութեան, ազգային կամքի եւ ազգի գերակայութեան ամենայստակ ցուցանիշն է։ Այսպիսի տօնի մը մանուկներուն ձօնուած ըլլալը կը նշանակէ, որ Թուրքիա մեծ յոյս դրած է մանուկներուն ու երիտասարդներուն վրայ, որոնք կը համարուին երկրի ապագան եւ երկիրը մեծ վստահութիւն կը տածէ անոնց նկատմամբ։ Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, թէ երկիրը մեծ ակնկալութիւններ ունի իր երիտասարդներէն եւ համոզուած է, որ անոնք լաւագոյնս պիտի արժեւորեն իրենց ընձեռուած հնարաւորութիւնները։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան 23 Ապրիլի պատգամին մէջ անդրադարձաւ նաեւ մօտալուտ ընտրութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ եկիրը մուտք կը գործէ՝ կայունութեան ու վստահութեան մթնոլորտի ամրապընդ-ման ուղղեալ նոր շրջանի մը շեմէն ներս։

Ինչպէս ծանօթ է, Ապրիլ 23-ի մանկանց տօն ըլլալու երեսակին բերումով ամէն տարի առանձնայատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայուի այս հանգամանքին նկատմամբ։ Սա շատ կարեւոր պարագայ մըն է եւ այս հիման վրայ Թուրքիա տարիներէ ի վեր կը շարունակէ աշխարհի զանազան պետութիւններէն մանուկներ հիւրընկալել։ Միջազգային առկայ պայմաններու մթնոլորտին մէջ, սա իսկապէս դրական ու տեղին առիթ մըն է համայն աշխարհին  պատգամելու համար, թէ մարդկութեան ապագան խաղաղութեան, հաշտութեան եւ համագործակցութեան մէջ է եւ այսօր մանուկներուն հանդէպ ցուցաբերուելիք նախանձախնդրութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ այդ ապագան ապահովել։ Ապրիլ 23-ի առթիւ տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան մայրաքաղաք Անգարայի, Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն, արտասահմանեան ներկայացուցչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018