«ԱՐՈՒԵՍՏ ԷՔՍՓՕ-2016»
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Արուեստ էքսփօ-2016» միջազգային ցուցահանդէսը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս ցուցահանդէսը ձօնուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։ Նորարար փորձարական արուեստի կեդրոնի (ՆՓԱԿ) երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկին աջակցութիւն բերուած էր նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հայրենադարձ նկարիչ Վագօ Արմենօ Խախամեանի ջանքերով կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին մասնակցեցան աշխարհի տասնութ երկիրներէն շուրջ չորս տասնեակ արուեստագէտներ։ Բացի Հայաստանէն, ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նկարիչներ՝ Անգլիայէն, Ռուսաստանէն, Իրանէն, Ղազախիստանէն եւ Լիթվայէն։
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ Խախամեան հերթական անգամ համախմբած է սփիւռքահայ նկարիչները։ Այս երեւոյթը վկայութիւն մըն է այն մասին, թէ կարելի եղած է ստեղծել նկարիչներու համահայկական ցանց մը։ Հրանոյշ Յակոբեան ցուցահանդէսը համարեց պատմական, որովհետեւ ան ձօնուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին։ Իր խօսքի աւարտին նախարարը Խախամեանը պարգեւատրեց պատուոյ գրով մը՝ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ ներդրած աւանդին համար։
Աւելի վերջ ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչ Խախամեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան մշտական աջակցութեան համար։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի արուեստասէր հասարակութեան ջերմ արձագանգները նոր ուժ եւ ստեղծագործելու նոր լիցքեր կը հաղորդեն իրենց։
«Արուեստ էքսփօ-2016»ի շրջագծով ներկայացուած են աւելի քան հարիւր ստեղծագործական աշխատանքներ, որոնց շարքին կը գտնուին գծանկարներ, գունանկարներ, քոլաժներ, քանդակներ, յախճապակիներ, լուսանկարներ, կարճաժամկէտ ֆիլմեր եւ այլն։ Հարկ է նշել, որ ՆՓԱԿ-էն ներս առանձին բաժնի մը մէջ կը ցուցադրուին ժապաւէնները։