Կիրակի 17, Նոյեմբեր 2024
ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ, Մովսէս Յակոբեան նշանակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան փոխ-նախարար։
Հարկ է նշել, որ Մովսէս Յակոբեան երկար տարիներ եղած էր Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար։ Վերջին շրջանին ան ծառայութեան կոչուած էր Երեւանի մէջ՝ ստանձնելով Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահի պաշտօնը։ Նախագահ Սարգսեանի վերջին տնօրինութեամբ, ան ազատուեցաւ ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահի պաշտօնէն եւ նշանակուեցաւ պաշտպանութեան փոխ-նախարար։ Մովսէս Յակոբեան միեւնոյն ստանձնեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան նիւթաթեքնիկ ապահովման բաժանմունքի պետի պաշտօնը։
Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016