«ՈՐՔԱՆ ՆԵՂ ՄՏԱԾԵՆՔ՝ ԱՅՆՔԱՆ ՓՈՔՐ ՊԻՏԻ ԶԱՐԳԱՆԱՆՔ»
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր կը նշէ իր ծննդեան տարեդարձը։ Հայաշխարհէն բազում յառաջատար դէմքեր շնորհաւորութիւններ կը յղեն Արմէն Սարգսեանին, որու նկատմամբ արտայայտելով իրենց համակրանքը եւ բարեմաղթանքը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեան ծննդեան տարեդարձին առթիւ շնորհաւորական մըն ալ ստացած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Այս առթիւ ռուս ղեկավարը սրտանց շնորհաւորութիւններ յղած է Արմէն Սարգսեանին՝ անկեղծօրէն մաղթելով քաջառողջութիւն, բարօրութիւն եւ պետական գործունէութեան մէջ յաջողութիւններ։
«Ռուսաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ձեր աշխոյժ շահագրգռութիւնը։ Համոզուած եմ, թէ երկկողմանի շինիչ համագործակցութեան ապագայ ընդլայնումը, Եւրոասիոյ համարկման գործընթացներու շրջանակին մէջ գործընկերային համագործակցութիւնը կը համապատասխանեն մեր եղբայրական ժողովուրդներու հիմնարար շահերուն», նշուած է Վլատիմիր Փութինի շնորհաւորականին մէջ։
Բացի Փութինէն, Արմէն Սարգսեանի տարեդարձը շնորհաւորած է նաեւ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփին։
Միւս կողմէ, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հարցազրոյց մը հրատարակեց՝ ծննդեան օրուան առթիւ։ Այս առթիւ ան յայտարարեց. «Մենք պէտք է մտածենք ապրելու, ստեղծելու եւ յաղթելու մասին»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Սարգսեան մատնանշած է, որ հայ ժողովուրդը ամբողջ աշխարհով սփռուած է եւ կը կազմէ իւրօրինակ ցանց մը, ինչ որ հսկայական արժէք ու առաւելութիւն է արդի աշխարհին մէջ։
«Ես կ՚ուզեմ անգամ մը եւս կրկնել, որ որպէս զարգացող երկիր եւ համաշխարհային ազգ՝ ունինք աշխարհին ըսելիք մեր խօսքը։ Այդ իմաստով ինքզինքս կը տեսնեմ որպէս միջնորդ, որպէս դեսպան՝ Հայաստանի եւ աշխարհի միջեւ։ Կը հասկնամ, թէ շատեր դեսպան բառին մէջ առաջին հերթին եւ գուցէ միայն կը պատկերացնեն դիւանագիտական ներկայացուցիչը։ Սակայն եկէք մտածենք շատ աւելի լայն եւ ոչ միայն այս հարցին մէջ։ Որքան նեղ մտածենք, այնքան փոքր պիտի զարգանանք։ Հետեւաբար պիտի գոյատեւենք, ոչ թէ պիտի յաղթենք։ Մինչդեռ մենք իրաւունք չունինք մտածել գոյատեւելու մասին։ Մենք պէտք է մտածենք ապրելու, ստեղծելու եւ յաղթելու մասին։ 20-րդ դարուն աշխարհ արագ կը փոխուի եւ ով որ սա չի նկատեր՝ պիտի ուշանայ։ Այդ ճանապարհին մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գտնէ իր կեանքի առաքելութիւնը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հաւատայ, թէ ինք համազգային խնդիրներու լուծման մաս կը կազմէ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրի առաքելութիւնը համադրելով, սա կը վերածենք համազգային առաքելութեան, այնուհետեւ համազգային գործի, համազգային նպատակի եւ ի վերջոյ՝ համազգային յաղթանակի», ըսած է Արմէն Սարգսեան հարցազրոյցին մէջ։