Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ 1212 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 41 հազար 413 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1212 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ եւս 24 հոգի մահացաւ համաճարակի հետեւանքով։ Նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 1293։
Տուեալները ցոյց կու տան, որ ներկայիս նոր վարակեալներու թիւը վերստին հազարի շեմէն վար քաշելը առաջնահերթ նպատակ կը համարուի։
Ըստ վիճակագրութիւններուն, վերջին օրուայ ընթացքին առողջացածներու թիւը կը գերազանցէ նոր վարակեալները, սակայն տարբերութիւնը բաւական նուազ է։
Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020