ՄԱՀ՝ ՄԱՐՕ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ երէց սերունդի ամենախորհրդանշական դէմքերէն Մարօ Գանտահարեան։ Վաստակաշատ կրթական մշակ Մարօ Գանտահարեան տասնամեակներ շարունակ մեծ նուիրումով ծառայած է՝ որպէս մանկավարժ։ Ան հասցուցած է սերունդներ, որոնց դաստիարակութեան ճանապարհին իր կողմէ ներդրուած յանձնառութիւնը զինքը դարձուցած է իսկապէս երախտաշատ դէմք մը։ Մարօ Գանտահարեան երկար տարիներ Պէյրութի զանազան հայկական վարժարաններու՝ յատկապէս «Սուրէն Խանամիրեան» քոլէճին մէջ եղած է անգլերէնի ուսուցչուհի։ Ան կողակիցն էր լիբանանահայ յայտնի հասարակական գործիչ, կրթամշակութային ոլորտի նուիրեալ հոգելոյս Գէորգ Գանտահարեանի։ Հարկ է նշել, որ նորոգ հանգուցեալ Մարօ Գանտահարեան մայրն էր Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի։

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով, Մարօ Գանտահարեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Անթիլիասի մէջ։ Հանգուցեալի մարմինը ամփոփուած է Ճիւննիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Մարօ Գանտահարեանի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք համայն ընտանիքին՝ մանաւանդ մեր սիրեցեալ բարեկամ Շահան Գանտահարեանի։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020