ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի սահմաններէն ներթափանցած Ատրպէյճանի զօրքերու հարցը կը շարունակէ օրակարգի առաջնահերթ նիւթ մնալ։ Վերջին օրերուն Երեւանէն հաղորդումներ կը կատարուին, թէ սահմանի՝ Գեղարքունիքի մարզի հատուածի երկայնքով Ռուսաստանի խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին։ Երէկ, այս կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի Անվըտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ ըսաւ. «Խնդիրը, կարծես, թէ կ՚երթայ լուծման»։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին եւ այս փուլին նպատակայարմար չի համարեր յաւելեալ մանրամասնութիւններու հրապարակումը։ «Մենք յոյս ունինք, թէ ինչպէս յայտարարած էինք՝ դիւանագիտական ճանապարհով այս հարցը պէտք է լուծուի, այդպէս ալ կը լուծենք», ըսաւ ան։

Արմէն Գրիգորեան պնդեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէ դուրս գտնուած են ուժեր, որոնք վերջին ընտրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ սահմանային եւ անվտանգութեան հարցերը փորձած են հնարաւորինս սրել։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021