ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոպական Միութեան կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։ Այսպէս, 25 յունիս, ուրբաթ, ԵՄ-ի կողմէ Երեւան պիտի այցելէ պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ պիտի գտնուին Ռումանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրէսքօ, Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլուս Լանտապերկիս, Աւստրիոյ Եւրոպայի եւ միջազգային հարցերու գծով նախարար Ալեքսանտր Շալլենպերկ, Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար եւ Միխայէլ Զիպերթ (Արեւելեան գործընկերութեան եւրոպական ծրագրի՝ Ռուսաստանի, Արեւելեան գործընկերութեան, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածքաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով կառավարիչ տնօրէն)։ Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրները արդէն պաշտօնական հաղորդումներ կատարած են եւրոպական պատուիրակութեան այցելութեան կապակցութեամբ։

Այս այցելութեան համար պատուիրակութիւնը լիազօրուած է ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի կողմէ։ Ուղեւորութեան նպատակն է վերահաստատել Եւրոմիութեան պատրաստակամութիւնը՝ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատումը խթանելու ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021