ՁԵՒԱՉԱՓԸ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին յայտնեց, որ Մոսկուայի կարծիքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հետամուտ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը երբեք չէ դադրեցուցած իր գործունէութիւնը ու կը շարունակէ գործել։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս դեսպանը երէկ անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացի վերսկսման հարցին։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մեր մեկնակէտը այն մօտեցումն է, որ համանախագահներու ձեւաչափը կը շարունակէ գործել, կան հարցեր, որոնք համանախագահութեան ձեւաչափի օրակարգին մէջ կը մտնեն եւ կը կարծեմ՝ այստեղ շատ բան կախեալ կ՚ըլլայ կողմերու դիրքորոշումներէն»։

Ըստ Սերկէյ Քոփիրքինի, Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու տարածքաշրջանային նոր այցելութեան հաւանականութիւնը կը գտնուի օրակարգի վրայ։ Բայց եւ այնպէս, այդ ուղեւորութեան ժամկէտին մասին առայժմ յստակ տեղեկութիւններ չկան։

Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահ Փեթեր Մաուրէր կարեւորեց Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ըստ իրեն, Կարմիր խաչը համագործակցութեան բարձր մակարդակ ունի Ռուսաստանի հետ՝ ներառեալ Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Այսօր Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Մաուրէրի հանդիպումը Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ

Մինչ այդ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հերթական անգամ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութիւնը կանգնեցուած է՝ շնորհիւ իր երկրի վճռորոշ ներդրման։

Մոսկուայի միջազգային անվտանգութեան հարցերով համաժողովի շրջանակներէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ընդգծեց, որ ռուս խաղաղապահները յուսալիօրէն կ՚երաշխաւորեն անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը տարածքաշրջանէ ներս։ Անոնք շատ բան կ՚ընեն մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման, տարածքի ականազերծման եւ կենցաղային ենթակառուցուածքներու վերականգնման համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021