ՆԱՅԻԼ ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ստեղծուած է բացառիկ հնարաւորութիւն։ «TRT World»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ թէեւ կան պատերազմի հետեւանքներ, երեսուն տարուայ թշնամանք, բայց պէտք է նայիլ ապագային։

«Մենք պէտք է կեդրոնանանք իրականութեան վրայ, իսկ իրականութիւնը այն է, որ անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բացառիկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է։ Թէ ինչո՞ւ կ՚ըսեմ առաջին անգամ, որովհետեւ բռնագրաւման փաստը այլեւս գոյութիւն չունի», յայտարարեց ան։

Թէեւ կան երեսուն տարուայ թշնամանք, կորուստներ, բռնագրաւում եւ պատերազմի հետեւանքներ, սակայն, Պաքու կը կարծէ՝ պէտք է նայիլ ապագային։ Թէեւ սա դիւրին չէ, որովհետեւ յիշողութիւնը կը վերակենդանացնէ այդ բոլորը, տեղի ունեցածները։ Բայց եւ այնպէս, Պայրամովի խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծած է յարաբերութիւններու կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ «Ատրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ աշխատիլ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ։ Մենք հանդէս կու գանք այդ առաջարկով։ Հայաստանէն կ՚ակնկալենք քաղաքական կամք եւ իրական քայլեր», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրեց հրամանագիր մը, որով պետական արգելոցի կարգավիճակ սահմանուեցաւ Շուշի քաղաքին համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021