ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ…
Քաղաքակրթութեան հոլովոյթի մեխերէն մին է՝ մարդուն բնութեան հետ հեռաւորութիւն պահելու ձգտումը։ Միտք ու սիրտ է մարդը՝ մէկ կողմէ զգացում, միւս կողմէ մտածում։ Զգացումները կը յագենան բնութեան մէջ, իսկ մտածումները կը խմորուին՝ անկէ հնարաւորինս հեռանալով։
Ժամանակներու հոսքին կարելի չէ դէմ դնել՝ ինչպէս ժամանակներուն ծնունդ տուած հոսանքները։ Նորութիւնները միշտ ալ ընկալուած են վերապահութեամբ, տեղի տուած են ընդդիմութեան, սակայն աստիճանաբար մարսուած, նոյնիսկ օրինաչափութեան վերածուած են։ Պատմութիւնը լեցուն է օրինակներով։
Այսօր աշխարհի օրակարգին վրայ թիւ մէկ նիւթը դարձած է արհեստական բանականութիւնը։ Թէեւ նոյնիսկ անոր հիմքերը դրած հեղինակաւոր մասնագէտներ այսօր զղջումի նշաններ կու տան եւ զգուշացումներով հանդէս կու գան, սակայն յայտնի է, որ արդէն ուշ է։ Անվերադարձ ու անշրջադարձելի հանգրուանը վրայ հասած է վաղուց։ Մէտիաները լորձնաշուրթն կը խօսին՝ մանաւանդ առողջապահութեան ու բժշկութեան ոլորտի փայլուն ձեռքբերումներուն մասին։ Կլիմայի փոփոխութիւնով պայմանաւորուած վտանգներուն լոյսին տակ անկարելի է անտեսել այդ հեռանկարները։ Բայց առարկայական ճշմարտութիւնն ալ, անշուշտ, իր հերթին… առաջին անգամ մարդ կ՚արտադրէ բան մը, որ յաջորդ քայլափոխին կրնայ գերազանցել իր մտահորիզոնները եւ կրնայ դուրս գալ իր հակակշիռէն։
Նորութիւնները պէտք չէ վանել։ Անիմաստ ու անհեռանկար դիմադրութիւնները դատապարտուած են ապարդիւն մնալու։ Գուցէ այսօրուան մտահորիզոնները բաւարար ալ չեն վաղուան կեանքը պատկերացնելու, ապագայ մարդը ընկալելու համար։ Միայն թէ այսօր ենթադրուածին չափով՝ մարդկութիւնը կրնայ ընթանալ արհեստական բանականութենէ դէպի արհեստական բնականութիւն…