ՔՈՒՐԹՈՒԼՄՈՒՇ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԸ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ «TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ կարգ մը արտաքին քաղաքական հարցերու։ Այսպէս, ան խօսեցաւ Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ։ Ըստ Նուման Քուրթուլմուշի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի հետ խորհրդարանական բարեկամական խումբերու ձեւաւորման հաւանականութիւնը խնդրոյ առարկայ է։ Սա կ՚ենթադրուի այն պարագային, երբ Թուրքիա ներկայիս այդ երկիրներուն հետ կը գտնուի կարգաւորման գործընթացի մէջ։ «Մեր նախագահի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան Հայաստանի վարչապետը այստեղ էր։ Սա կը նշանակէ ինչ-որ փնտռտուք մը կայ։ Այստեղ էր Եգիպտոսի ներկայացուցիչը։ Սկզբունքային առումով ձեր թուարկած, գուցէ նաեւ չթուարկած երկիրներու (որոնց հետ քաղաքական խնդիրներ ունինք) ժողովուրդներուն հետ որեւէ խնդիր չունինք», ըսաւ Նուման Քուրթուլմուշ։

Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ Քուրթուլմուշ նշեց, որ Թուրքիա թշնամանք չի տածեր վերոյիշեալ երկիրներու ժողովուրդներուն դէմ։ «Մեզմէ չբխած պատճառներով լարուածութիւններ եղած են, եղած են կէտեր, երբ յարաբերութիւնները խզուած են, եղած են ժամանակներ, երբ երկխօսութիւն չէ եղած, սակայն, ի վերջոյ, ձեր թուարկած երկիրներու եւ միւս բոլոր երկիրներու ժողովուրդները մեր բարեկամներն են, մէկ մասը մեզի հարեւան են, մէկ մասը մեր եղբայր երկիրներն են։ Հետեւաբար, Թուրքիոյ ակնկալութիւններու շարքին է, որպէսզի քաղաքական հարցերը արագօրէն հարթուին, այդ հարցերը դուրս մնան օրակարգէն եւ ի շահ երկիրներու ժողովուրդներու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին», ըսաւ Նուման Քուրթուլմուշ։

Հարկ է նշել, որ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2023