ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ «ՓՈՔՐԻԿ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ 15-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
2000 թուականին Բլիկեան ընտանիքի ազնիւ մտայղացմամբ հիմնադրուեցաւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցը, որ 2010 թուականին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնութեամբ տեղափոխուեցաւ Առաջնորդարան՝ վերակազմաւորուելով Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հովանիին ներքեւ։ Անցնող տարիներուն վարժարանը շնորհիւ իր ազգային ոգիի պահպանութեան ուղղուած ջանքներուն ու որակեալ հայեցի դաստիարակութեան՝ դարձաւ Լոս Անճելըի ամենահեղինակաւոր կրթօճախներէն մին։ Այստեղ ջերմութեան, սիրոյ, անկեղծութեան, ազնիւ մթնոլորտին մէջ մեր մատաղ սերունդը կը շարունակէ հաղորդ դառնալ հայոց բազմադարեան մշակոյթին, բիւրեղեայ մայրենի լեզուին ու հազարամեայ պատմութեան։ Ուսումնական կեդրոնը իր կառուցուածքով, որդեգրած մօտեցումներով, դասաւանդման արդիական, ազգային ու հոգեմտաւոր սկզբունքներով դարձած է նմանատիպ հաստատութիւններու չափօրինակ եւ յառաջատար՝ ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլեւ ողջ Սփիւռքի տարածքին։ Ամենեւին ալ պատահական չէ, որ դպրոցի իրականացուցած հսկայածաւալ ծառայութիւնը, ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքի արժանացած է նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։ 2015 թուականի Ապրիլի 9-ին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական գոնկրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան կողմէ կազմակերպուած «Մայրենիի պաշտպան» մրցոյթին ընթացքին, որուն 15 երկիրներէ մասնակցած էին շուրջ 95 հաստատութիւն, «Փոքրիկ հրեշտակներ»ը արժանացած են առաջին մրցանակին, առաջին կարգի վկայականի եւ դրամական պարգեւի։
«Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի մամլոյ դիւանին համաձայն, նմանօրինակ պատիւը ոչ միայն կատարուող աշխատանքի արդար արժեւորումն է, այլեւ կրթօճախի պաշտօնէութեան ու մանկավարժներու անսակարկ նուիրումի արդիւնքը։ Դպրոցի տնօրէն Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեանի խօսքերով․ «Հայաստանի իշխանութեան կողմէ նման գնահատութիւն մը լաւագոյն նուէրն է հաստատութեան յոբելենական տարեդարձին։ Ան միաժամանակ պարտաւորեցնող է, խրախուսող ու ոգեշնչող»։
Շնորհիւ եկեղեցիէն տարածուող առատ օրհնութեան եւ Առաջնորդարանի մշտական խնամքին՝ «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցը իւրօրինակ լուսաւորութեան կեդրոն մըն է, ուր ուսուցչագործող կրթական մշակները ունին բազմամեայ դասաւանդման փորձ։ Անոնք ուսումնական ողջ տարուան ընթացքին իրենց գիտելիքները՝ շաղախուած հայրենասիրութեամբ, հոգեւոր ու անանց արժէքներով կը փոխանցեն մեր մատաղ սերունդին։ Հարկ է նշել, որ մանկավարժները մշտական համագործակցութեան մէջ են Տքթ. Էլի Անդրէասեանի կողմէ համակարգուող թեմի գիտակրթական յանձնախումբին հետ եւ իրենց մշտական մասնացութիւնը կը բերեն ուսուցիչներու ամենամեայ վերապատրաստման դասընթացքներուն։
Դպրոցը կ՚առաջնորդուի Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու դասագիրքերով։ Իր կապը աշակերտներու եւ ծնողներու հետ կը պահէ զանազան միջոցներով։ Դպրոցը ունի յատուկ Ֆէյսպուքի էջ (Little Angels Saturday School), ուր կը տեղադրուին դպրոցին առընչուող յատուկ նիւթեր, նկարներ եւ յայտարարութիւններ։
Հաստատութեան մէջ ուսանող շուրջ 200 աշակերտները ջերմ մտերմութեամբ կապուած են Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր դասուն, յատկապէս Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հովիւ՝ Տ․ Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի հետ։ Տէր Հայրը խնամքով ամէն շաբաթ բարոյական ու կրօնական պատգամն ու օրհնութիւնը կը փոխանցէ սաներուն։ Վերջիններս հոգեւոր գանձերով հարստացած՝ կը շարունակեն իրենց ուսումնական առօրեան։ Անոնք աշխուժօրէն կը մասնակցին նաեւ թեմական, հոգեւոր ու ազգային ձեռնարկներուն, արարողութիւններուն ու տօներուն։ Ամենամեայ տարեվերջի քննութիւններուն ու կազմակերպուող հանդէսներուն ի յայտ կու գայ մանուկներուն ձեռք բերած գիտելիքները։
2014-15 ուսումնական շրջանի տարեվերջի հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահի երդիքին տակ։ Հանդիսութեան ներկայ էր Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան։ Ան իր ելոյթին ընթացքին շնորհաւորեց ներկաները դպրոցի յոբելենական տարեդարձին առթիւ։ Սրբազան Հայրը իր մասնաւոր գնահատանքին արժանացուց կրթական մշակները, ինչպէս նաեւ ծնողները, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր իրենց զաւակները հայ պահելու դժուար ու պատասխանատու առաքելութեան մէջ։ Երեք բաժիններէ բաղկացած շքեղ յայտագիրը լի էր գեղեցիկ արտասանութիւններով, երգերով ու հաճելի կատարումներով։ Ձեռնարկին ներկայ հիւրերէն «Հայաստան ծառատունկ» ծրագրի պատասխանատու Անահիտ Ղարիպեան՝ որպէս բազմամեայ համագործակցութեան եւ բարեկամութեան նշան՝ վարժարանի տնօրէնութեան յանձնեց յատուկ վկայագիր։ Ապա տնօրէնը ներկաներուն տեղեկացուց, որ ընդառաջելով ծնողներու բազմաթիւ դիմում-խնդրանքներուն, յառաջիկայ 2015-16 տարեշրջանէն սկսեալ դպրոցի ուսումնառութեան տեւողութիւնը պիտի աւելնայ տարի մը եւս՝ դառնալով վեց տարի, իսկ նոր ուսումնական տարին պիտի սկսի Օգոստոսի 22-ին։