ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ 33 ՄԱՐԶԻԿ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՌԻՈՅԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Հա­մայն աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը լա­րուի Ռիո­յի մօ­տա­լուտ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն վրայ։ Աշ­խար­հի օ­րա­կար­գը չի բնո­րո­շուիր դրա­կան լու­րե­րով, հա­մաշ­խար­հա­յին ընդ­հա­նուր եր­թը բա­ւա­կա­նին մտա­հո­գիչ է, սա­կայն այդ բո­լո­րը եր­բեք բա­ւա­րար չեն ըլ­լար, որ­պէս­զի մարդ­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղի պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն մար­զա­կան կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն՝ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րէն, ո­րոնք շու­տով պի­տի սկսին Ռիո­յի մէջ։ Մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը պի­տի կեդ­րո­նա­նայ հիւ­րըն­կալ երկ­րին՝ Պրա­զի­լիոյ վրայ։

Ռիո­յի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նով 33 մար­զիկ պի­տի մաս­նակ­ցի։ Նա­խըն­թաց, օր Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի ո­ղիմ­պիա­կան ա­ւա­նին մէջ խում­բին ի պա­տիւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ող­ջեր­թի հա­ւա­քոյթ մը։ Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան ազ­գա­յին կո­մի­տէին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին զգա­լի էր բո­լոր մար­զիկ­նե­րուն բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նը՝ մե­տայլ­նե­րով եր­կիր վե­րա­դառ­նա­լու ճա­նա­պար­հին։ Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան ազ­գա­յին  կո­մի­տէի նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղեց բո­լո­րին։ Ներ­կայ էին նաեւ ան­ցեա­լի մէջ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն յա­ջո­ղու­թեան հա­սած, մե­տայլ­ներ նուա­ճած հայ ա­խո­յեան­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րէց սե­րուն­դէ վե­թե­րան դէմ­քի մը՝ Ալ­պերթ Ա­զա­րեա­նի։

Հա­յաս­տան «Ռիօ-2016»ի ո­ղիմ­պիա­կա­նի խա­ղե­րուն պի­տի ու­նե­նայ 33 մաս­նակ­ցող, ինչ որ կը նկա­տուի մրցա­նիշ մը: Ստորեւ՝ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նին կազ­մը.

ԱԹ­ԼԵ­ԹԻԶՄ 
Ա­մա­լիա Շա­րո­յեան, Տիա­նա Խու­պե­սե­րեան, Լե­ւոն Ա­ղա­սեան, Լի­լիթ Յա­րու­թիւ­նեան, Գա­յիա­նէ Չի­լո­յեան եւ Գոռ Ներ­կա­րա­րեան:

ԿՌՓԱ­ՄԱՐՏ­
 Ար­թուր Յով­հան­նի­սեան, Նա­րեկ Աբ­գա­րեան, Ա­րամ Ա­ւա­գեան, Յով­հան­նէս Պաչ­քով եւ Վլա­տի­միր Մար­գա­րեան:

Ա­ԶԱՏ Ո­ՃԻ ԸՄԲ­ՇԱ­ՄԱՐՏ
­ Գառ­նիկ Մնա­ցա­կա­նեան, Դա­ւիթ Սա­ֆա­րեան, Կէոր­կի Քե­թո­յեւ եւ Լե­ւոն Պե­րիա­նի­ցէ:

ՅՈՒ­ՆԱՀ­ՌՈ­ՄԷԱ­ԿԱՆ Ո­ՃԻ ԸՄԲ­ՇԱ­ՄԱՐՏ
­ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան, Ար­սէն Ջուլ­ֆա­լա­կեան, Մաք­սիմ Մա­նու­կեան եւ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան:

ԼՈ­ՂԱՐ­ՇԱՒ 
­Վա­հան Մ­խի­թա­րեան եւ Մո­նի­քա Վա­սի­լեան:

ԾԱՆ­ՐԱ­ԲԱՐ­ՁՈՒ­ԹԻՒՆ 
Անդ­րա­նիկ Կա­րա­պե­տեան, Ա­ռա­քել Միր­զո­յեան, Սի­մոն Մար­տի­րո­սեան, Ռու­բէն Ա­լեք­սա­նեան, Գոռ Մի­նա­սեան, Վա­նիկ Ա­ւե­տի­սեան (պա­հես­տի մար­զիկ), Նա­զիկ Աւ­դա­լեան եւ Սօ­նա Պօ­ղո­սեան:

ՀՐԱ­ՑԱ­ՆԱՁ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ
 Հ­րաչ Պա­պա­յեան:

ԺՈՒ­ՏՕ
­ Յով­հան­նէս Դաւ­թեան:

ՄԱՐՄ­ՆԱ­ՄԱՐ­ԶՈՒ­ԹԻՒՆ
 Ար­թուր Դաւ­թեան, Յա­րու­թիւն Մե­տի­նեան եւ Հու­րի Կե­պե­շեան:

Միւս կող­մէ, Ռիօ տը Ժա­նէյ­րո­յի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք 2016-ի ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն բաց­ման հան­դի­սու­թեան Հա­յաս­տա­նի դրօ­շին տակ պի­տի տո­ղան­ցեն պա­տուի­րա­կու­թեան 35 ան­դամ­ներ: Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի դրօ­շա­կա­կի­րը պի­տի ըլ­լայ լո­ղորդ Վա­հան Մխի­թա­րեան:

Ռիո­յի ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը 31-րդն են: Խա­ղե­րու բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­յա­նայ յա­ռա­ջի­կայ Օ­գոս­տո­սի 5-ին, Ռիո­յի «Մա­րա­քա­նա» մար­զա­դաշ­տին մէջ: Օ­գոս­տո­սի 5-21 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ  տե­ղի պի­տի ու­նե­նան խա­ղե­րը, ո­րոնց աշ­խար­հի 205 եր­կիր­նե­րէ շուրջ 10 հա­զար 500 մար­զիկ պի­տի մրցի մե­տայլ­նե­րու 306 հա­ւա­քա­ծո­յի հա­մար: Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Ռիո­յի չորս շրջա­նի՝ Քո­պա­քա­պա­նա­յի, Մա­րա­քա­նա­յի, Տէո­տո­րո­յի եւ Պա­րա­յի 33 մար­զա­կա­ռոյց­նե­րու մէջ:

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2016