ՃԷՅՄՍ ՃԵՖՐԻԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ
Սուրիոյ գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Շուրջ երեք ժամ քննարկումներ ծաւալուեցան Սուրիոյ առկայ վիճակին շուրջ։ Կողմերը առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Իտլիպի վիճակը, անվտանգ գօտիի կացութիւնը, երկրի նոր Սահմանադրութեան մշակումն ու տագնապի քաղաքական կարգաւորման գործընթացը։ Բանակցութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ։ Ճէյմս Ճեֆրի Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ։ Նախարարը անհանգստութիւն յայտնեց, որ ամերիկացի կարգ մը զինուորական կամ քաղաքային բարձրաստիճան իրաւասուներ Սուրիայէ ներս հանդիպումներ կ՚ունենան ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխներուն հետ։ Թուրքիա ներկայիս յամառօրէն կը պահանջէ, որ Եփրատի արեւելքը մաքրագործուի ահաբեկչական կազմակերպութենէն եւ այնտեղ ստեղծուի անվտանգ գօտի մը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, համապատասխան աշխատանքները այսօր իսկ սկիզբ կ՚առնեն։ Հուլուսի Աքարի եւ Ճէյմս Ճեֆրիի երէկուան քննարկումներն ալ ծաւալուած են սոյն առանցքներուն շուրջ։ Նախարարը շեշտած է, որ Եփրատի արեւելքին նախատեսուած քայլերը համակարգուած ձեւով պէտք է առնուին Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի կողմէ։ Այս աշխատանքը կը նախատեսէ նաեւ ծանր զէնքերու հաւաքուիլը։ Այսպէսով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացիները պիտի կարենան վերադառնալ իրենց հայրենիքը։ Հուլուսի Աքար երէկ ընդգծեց, որ Թուրքիա չի պայքարիր իր քիւրտ կամ արաբ եղբայրներուն դէմ կամ այլ ազգային ու կրօնական խմբաւորումներու դէմ, այլ՝ կը թիրախաւորէ ահաբեկիչները։ Կը հաղորդուի, որ Աքար-Ճեֆրի հանդիպումը տեւած է շուրջ չորս ժամ։
ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցաւ Սուրիոյ ընդհանուր իրադրութիւնը եւ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Իտլիպի վիճակը։
Չավուշօղլու երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ դէմ սահմանուելիք հաւանական պատժամիջոցներու հարցին շուրջ։ Ծանօթ է, որ այս հարցը յառաջացած է՝ Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պատշպանութեան հրթիռներու ներածման զուգահեռ։ Ամերիկեան կողմը յառաջ քշած է «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու արտադրութեան ծրագրէն Թուրքիան դուրս թողելու խաղաքարտը։ Չավուշօղլու յայտնեց, որ ԱՄՆ-էն տարբեր ձայներ կը բարձրանան եւ ըստ իր դիտարկումներուն՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի փափաքիր մսխել Թուրքիան։ Ան սերտ կապ կը պահէ Թուրքիոյ եւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ։ Չավուշօղլու աւելցուց, որ եթէ ԱՄՆ ժխտական դիրքորոշում մը որդեգրէ, եթէ պատժամիջոցներ սահմանէ կամ ուրիշ քայլերու դիմէ, ապա Թուրքիան ալ իր հերթին կրնայ դիմել քայլերու եւ կ՚ունենայ ԱՄՆ-ին տալիք պատասխաններ։ Սա շատ բնական է, սակայն այս փուլին ոչ նախընտրելի Թուրքիոյ համար։
Միւս կողմէ, ամերիկեան հեղինակաւոր «Wall Street Journal»ն ալ գրեց, որ Տանըլտ Թրամփ կողմնակից չէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանման։