Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան տեղւոյն դպիրներուն կողմէ։ Քաղաքիս զանազան հայահոծ թաղերէն փոխադրամիջոց ապահովուած էր դէպի Օրթագիւղ։ Ուստի, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր եկեղեցին, ուր բոլորը լսեցին հանդիսադիր սրբազան հօր քարոզը։ Ս. Պատարագի աւարտին յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ հոգելոյս Տ. Շահան Արք. Սվաճեան, որու բազմատասնեակ ծառայութիւնն ու վաստակը վերյիշուեցաւ բիւր յարգանքով։ Միեւնոյն ժամանակ իրեն ի յիշատակ հաւատացեալ ժողովուրդին բաժնուեցաւ հրուշակ։
Արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս նախագահեց նորին սրբազնութիւնը։
Եկեղեցիէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի համալիրը, ուր տեղի կ՚ունենար շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը, որու ծիրէն ներս մեծարուեցան յոբելեար սաները։ Ան այս հաւաքոյթին ընթացքին եւս հանդէս եկաւ յորդորով մը։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ մեր համայնքային կեանքէն ներս ուսեալ ու զարգացած երիտասարդ սերունդի մը ներդրումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։