ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿՐՆԱՆ ՏԵՍԱԿՑԻԼ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ
Անգարայի եւ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ յայտարարութիւններ ըրին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեսակցութեան մը հաւանականութեան մասին։ Նախագահ Էրտողան երէկ աւարտեց իր այցելութիւնը դէպի Նիւ Եորք, ուր մեկնած էր մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման։ Վերադառնալէ առաջ Էրտողան պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու զանազան հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ մամլոյ սպասաւորներ նախագահի նկատառման յանձնեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզիի Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան, որ յառաջացուցած էր Ատրպէյճանի բողոքը։ Լրագրողներ հետաքրքրուեցան, թէ Փելոզիի այս այցելութիւնը կրնա՞յ հարուածել Հարաւային Կովկասի այժմու գործընթացները։ Ի պատասխան՝ նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Փելոզի այս այցելութիւնով Կովկասի իրադարձութիւններուն հարուած տալու կարողութիւնը չունի։ «Ես համոզուած եմ, թէ բազմաթիւ տեղեր անհանգստացած են այդ այցելութենէն, չափազանցելու պէտք չկայ», ըսաւ Էրտողան։
Աւելի վերջ նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ այժմ Թուրքիան ալ կարգ մը պատրաստութիւններու մէջ է եւ յառաջիկայ օրերուն քայլեր պիտի առնէ Հարաւային Կովկասի պարագային։ Այս կէտին վրայ Էրտողան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն Փրակի մէջ նախատեսուած է Եւրոպայի Քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը։ Իր խօսքով, ինք այժմ արժեւորումներ կ՚ընէ՝ որոշելու համար, թէ այդ գագաթաժողովին պիտի մասնակցի՞ կամ ոչ։ «Եթէ Փրակի գագաթաժողովին մասնակցինք, ապա Փաշինեանի ալ այնտեղ գալու հաւանականութիւնը կայ։ Կարծեմ մտադրութիւն մը ունեցեր է, թէ արդեօք այնտեղ կրնա՞նք հանդիպիլ։ Գուցէ այնտեղ իրեն հետ այս խնդիրները առանձնապէս տեսակցելու պարագայ մը կրնանք ունենալ, սակայն, այս հարցերուն վերաբերեալ Կովկասի մէջ մենք ալ կարգ մը քայլեր պիտի առնենք։ Այդ մէկն ալ առայժմ պարզապէս ծրագրաւորելու գործընթացին մէջ կը գտնուինք», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ այդ բոլորը խօսելէ վերջ պիտի ձեռնարկուին համապատասխան քայլերու։
Երեւանի աղբիւրներն ալ երէկ պաշտօնապէս արձագանգեցին Էրտողան-Փաշինեան հաւանական տեսակցութեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան այս նիւթին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով չբացառեց նման տեսակցութեան մը հաւանականութիւնը։ Ըստ բանբերին, այս պահուն ո՛չ կարելի է հաստատել, ո՛չ ալ կարելի է հերքել այդ հաւանականութիւնը։ Երբ որ վերջնական որոշում մը ըլլայ, ապա հանրային կարծիքը պատշաճօրէն պիտի լուսաբանուի։
Միւս կողմէ, երէկ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եռակողմանի հանդիպումը։