ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլին երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Նիւ Եորքի մէջ։ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ գործուած վերջին յարձակումներուն։ «Սա սահմանային բախում չէր, սա ուղղակի, անհերքելի յարձակում էր Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, ինչ որ դատապարտուեցաւ եւ այդ մէկուն անդրադարձ կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի վերջին նիստներու ընթացքին եւ անոնցմէ դուրս», ըսաւ վարչապետը։

Այդ յարձակումներու բոլոր մանրամասնութիւններուն եւ հետեւանքներուն ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադառնալէ վերջ Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց. «Անկասկած, նման անասելի վայրագութիւնները քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Ատրպէյճանի հասարակութեան մէջ հակահայկական ատելութեան եւ թշնամանք սերմանելու տասնամեակներ տեւած քաղաքականութեան ուղղակի արդիւնքներն են։ Այս յարձակման զուգահեռ պաշտօնական խօսոյթը եւ տեղեկատուութեան այլ աղբիւրները կը յուշեն, որ Ատրպէյճան մտադիր է բռնագրաւել Հայաստանի այլ տարածքներ, ինչ որ պէտք է կանխել։ Կ՚ուզեմ շեշտել, որ Ատրպէյճանի կողմէ նոր բռնութեան ռիսքը կը մնայ շատ բարձր՝ յատկապէս հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճան ամէն օր կը խախտէ հրադադարը եւ զոհերու ու վիրաւորներու թիւը կրնայ փոխուիլ որեւէ պահ։ Ապագայ մագլցման մէկ այլ պատճառ կրնայ հանդիսանալ այս իրավիճակին տարածաշրջանային անվտանգային կազմակերպութիւններու անպատշաճ արձագանգը, ինչ որ լրջագոյն հարցեր յառաջացուց հայ հասարակութեան շրջանակին մէջ»։

Համաշխարհային կազմակերպութեան ամպիոնէն վարչապետը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յետպատերազմեան շրջանին սկսած գործընթացներուն մասին։ Փաշինեան շարունակեց. «Հակառակ վերը նշուած փաստերուն, Ատրպէյճան կը փորձէ ներկայանալ որպէս մեր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան, Հայաստանի հետ խաղաղութեան ձգտող երկիր։ Կողքէն լսելով, թէ ինչ կ՚ըսէ Ատրպէյճան, դուք կրնաք նոյնիսկ տպաւորուիլ անոր նուիրուածութեամբ խաղաղութեան ջանքերուն։ Եւ նման տպաւորութիւն ստեղծելու համար Ատրպէյճան կ՚օգտագործէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի, սահմանազատման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան բացման օրակարգի նիւթերը։ Ինչո՞ւ մենք այս ուղղութիւններով շօշափելի յառաջընթաց չունինք։ Պատճառը շատ պարզ է։ Ատրպէյճան այդ բոլոր նիւթերը կ՚օգտագործէ Հայաստանի դէմ տարածքային պահանջներու համար։ Օրինակ՝ խաղաղութեան պայմանագրի կարեւորագոյն կէտերէն մէկը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային ամբողջականութեան երկկողմանի ճանաչումն է։ Մենք արդէն յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք այդ բանը ընել, բայց Ատրպէյճան մինչ այժմ սա չէ ըրած։ Հակառակը, Ատրպէյճան հրապարակաւ կը բարձրաձայնէ, որ Հայաստանի ամբողջ հարաւն ու արեւելքը, նոյնիսկ մայրաքաղաք Երեւանը իր հողն է։ Միւս կողմէ, Ատրպէյճան բռնագրաւման տակ կը պահէ Հայաստանի շօշափելի տարածքները եւ, ինչպէս ըսի, Ատրպէյճանի կողմէ նոր բռնութեան ռիսքը կը մնայ շատ բարձր։ Այս կապակցութեամբ ես պաշտօնական եւ հրապարակային հարց կ՚ուղղեմ Ատրպէյճանի նախագահին։ Կրնա՞ք ցոյց տալ Հայաստանի քարտէսը, զոր կը ճանչնաք եւ պատրաստ էք ճանչնալ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Ինչո՞ւ կ՚ըսեմ ես այս հարցումը։ Որովհետեւ կրնայ պարզուիլ, որ Ատրպէյճանի պաշտօնական տեսակէտով Հայաստանի տարածքի միայն կէսը կամ աւելի քիչն է Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Եթէ Ատրպէյճան ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ո՛չ թէ տեսականօրէն, այլ յստակ, ես նկատի ունիմ մեր միջազգայնօրէն ճանչցուած 29 հազար 800 քառակուսի քիլօմեթր տարածքի ամբողջականութիւնը, պիտի նշանակէ, որ մենք կրնանք խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ փոխադարձաբար ճանչնալով իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Հակառակ պարագային մենք կ՚ունենանք ֆիքթիֆ խաղաղութեան պայմանագիր եւ անկէ յետոյ Ատրպէյճան պիտի օգտագործէ սահմանազատման գործընթացը նոր տարածքային պահանջներու եւ բռնագրաւման համար»։

ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովի գործունէութեան մասին։ Այս կապակցութեամբ ան նշեց. «Ինչպէս գիտէք, մայիսին ստեղծուած է սահմանազատման եւ սահմաններու անվտանգութեան երկկողմանի յանձնաժողով եւ տեղի ունեցած է յանձնաժողովի երկու նիստ։ Մինչ այս յանձնաժողովի ստեղծումը, անցեալ տարի Ատրպէյճան բռնագրաւած էր Հայաստանի աւելի քան 40 քառակուսի քիլօմեթր տարածքը։ Այդ բանէն վերջ, Ատրպէյճանի արդարացումներէն մին այն էր, որ Հայաստան, ըստ իրենց, կը հրաժարի սահմանազատման յանձնաժողով ստեղծելէ։ Մենք, ի հարկէ, չէինք հրաժարած այդ բանէն, այլ միայն պնդած էինք, որ միաժամանակ սահմաններու անվտանգութեան դրութիւն ստեղծուի։ Ի վերջոյ, խնդրանքով մեր միջազգային գործընկերներուն, որոնք կը պնդէին, որ սահմանային յանձնաժողովի աշխատանքը ինքնին վստահելի գործօն պիտի ըլլայ սահմաններու անվտանգութեան համար, պայմանաւորուեցանք սկսիլ աշխատանքները։ Եւ հիմա, երբ ձեւաւորուած եւ կ՚աշխատի սահմանազատման եւ սահմաններու անվտանգութեան յանձնաժողովը, Ատրպէյճան նախաձեռնեց բռնութեան նոր փուլի։ Իսկ այդ միջազգային գործընկերներէն ոմանք լուռ են։ Բայց հիմա ինչո՞վ կը բացատրուի Ատրպէյճանի բռնութիւնը։ Գիտէք, եթէ ոեւէ մէկու մօտ ակրեսիւութեան աւելցուկ կայ, պատճառը միշտ կը գտնուի»։

Ընդգծելով, որ Ատրպէյճան կը փորձէ եւ կը շարունակէ օգտագործել սահմանազատման գործընթացը Հայաստանի դէմ տարածքային պահանջներու համար՝ Նիկոլ Փաշինեան աւելի վերջ կանգ առաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն վրայ։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Նման այլ նիւթ մըն է տարածաշրջանային փոխադրութեան հաղորդակցութեան կապերու բացումը։ Ատրպէյճան կը փորձէ այս քննարկման մէջ Հայաստանը ներկայացնել որպէս ապակառուցողական կողմ։ Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան պատրաստ է մեր ազգային օրէնսդրութեան շրջանակներուն մէջ իր ճանապարհները բանալ Ատրպէյճանի համար»։ Վարչապետը այս կէտէն սկսեալ հարց տուաւ, թէ այս պարագային ո՞րն է Ատրպէյճանի պնդումներուն իմաստը։ Ապա ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ան ըսաւ. «Ատրպէյճան կ՚ակնարկէ, որ Հայաստան պէտք է արտատարածքային միջանցք տրամադրէ եւ սա, ըստ իրենց, կը բխի 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ յօդուածէն։ Եռակողմանի յայտարարութիւնը հրապարակային փաստաթուղթ է եւ 9-րդ յօդուածին մէջ ոչինչ կայ միջանցքի, արտատարածքայնութեան եւ այլնի մասին։ Ուրեմն ո՞րն է Ատրպէյճանի նպատակը։ Ստեղծել նոր ճգնաժամ՝ որպէս Հայաստանի դէմ նոր բռնութեան եւ նոր տարածքային պահանջի պատրուակ։ Մենք Ատրպէյճանի հետ փոխանակած ենք հաղորդակցութիւններու բացման նիւթով առաջարկներու ծրարներ։ Եթէ Ատրպէյճան ընդունի, որ այդ երթուղիները պէտք է գործեն ազգային օրէնսդրութեան համաձայն, մենք կրնանք այս հարցով շատ արագ որոշման յանգիլ։ Ի դէպ, 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եւ 11 յունուար 2021 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւնները կ՚ենթադրեն, որ ո՛չ միայն Հայաստան պէտք է ճանապարհներ տրամադրէ Ատրպէյճանին, այլեւ Ատրպէյճան պէտք է ճանապարհներ տրամադրէ Հայաստանին։ Եւ մենք տակաւին ոչինչ ստացած ենք։ Ինչ կը վերաբերի միջազգային ձեւակերպման, ապա շատ կարեւոր է նշել, որ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած է միայն մէկ միջանցքի մասին եւ այդ մէկը Լաչինի միջանցքն է Լեռնային Ղարաբաղի համար»։

Ի լրումն այս բոլորին, վարչապետը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ տարածաշրջանային կայունութեան վճռորոշ գործօններէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումն է։ Այսպէսով պիտի հասցէագրուին եւ պիտի երաշխաւորուին Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչ հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Փաշինեան մատնանշեց, որ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի վերջին բռնութիւնը տեղի ունեցած է այն պարագային, երբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020 թուականի պատերազմի մարդասիրական հետեւանքները տակաւին չեն լուծուած։ Փաշինեանի խօսքով՝ կայուն տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը Երեւանի նպատակն է։ «Անցեալ տարի ժողովրդավարական արտահերթ ընտրութիւններու միջոցաւ մեր ժողովուրդը վճռականօրէն աջակցեցաւ կառավարութեան խաղաղութեան օրակարգին եւ վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ երթալու ժողովրդավարական ճանապարհով։ Շատ կարեւոր է փաստել, որ Ատրպէյճանի յարձակումներու թիրախը ո՛չ միայն Հայաստանի անկախութիւնն է, ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլեւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը։ Հայկական ժողովրդավարութիւնը կը պայքարի մթնոլորտի մը մէջ, երբ Ատրպէյճան ամէն օր ուժ կը գործադրէ՝ միակողմանիօրէն պարտադրելու համար իր ծրագրերը, վերջ դնելու համար հայկական պետականութեան, անկախութեան եւ ժողովրդավարութեան։ Բայց ես այստեղ եմ՝ յայտարարելու համար, որ մենք վճռական ենք բոլոր միջոցներով պաշտպանելու մեր ժողովրդավարութիւնը, անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ դիւանագիտական լուծումները մեզի համար բացարձակ առաջնահերթութիւն են եւ միջազգային հանրութեան լիարժէք ներգրաւուածութիւնն ու աջակցութիւնը չափազանց կարեւոր է», ըսաւ Փաշինեան։

Նիւ Եորքի ելոյթի եզրափակիչ փուլին մէջ Փաշինեան ըսաւ. «Անհերքելի է, որ տարածաշրջանային կայունութեան շահերէն ելնելով եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն»։

Հուսկ, Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը վճռական է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու հարցին մէջ։ «Բայց մեզի անհրաժեշտ է լիակատար աջակցութիւնը միջազգային հանրութեան, որ պիտի կանգնի ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական երկրի եւ ժողովուրդի կողքին, որոնք կ՚ենթարկուին բռնութեան՝ ի հակասութիւն միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն։ Ես կը հաւատամ երկարաժամկէտ կայունութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ներուժին եւ Հայաստան յանձնառու է շարունակել այդ նպատակով դիւանագիտական ջանքերը», եզրափակեց Փաշինեան։

  

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022