ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան հրաւէրին ընդառաջ կազմակերպուած հանդիպման մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ներկայ էին նաեւ Արցախի նախկին նախագահները՝ Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը այս հանդիպումէն վերջ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուեցաւ, որ տեսակցութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին առընչութեամբ տեղի ունեցած է շահագրգիռ քննարկում։ Որոշուած է շարունակել հանդիպումները։

Այս ձեւաչափով հանդիպում մը երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ակնկալուէր եւ վերջին շրջանին համապատասխան գործընթացը բաւական հասունցած էր։ Հայաստանի այժմու ընդդիմութեան առաջատար դէմքերէն Իշխան Սաղաթէլեան միջոցէ մը ի վեր այսպիսի տեսակցութեան մը անհրաժեշտութեան մասին հրապարակային ելոյթներ կ՚ունենար։ Անցեալ շաբաթ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած էր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ։ Այդ հանդիպումէն վերջ պաշտօնապէս տեղեկացուած էր, որ Վեհափառ Հայրապետը եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան տարեսկիզբէն ի վեր արդէն երկու անգամ տեսակցած են։ Նորին Սրբութեան եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ առաջին նախագահը տեսակցութիւն մըն ալ ունեցած էր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Այս վերջինը գրեթէ նոյն օրերուն միասնականութեան եւ համախմբման կոչով մը հանդէս եկած էր՝ վերահաս վտանգը կանխելու համար։

Վեհարանի մէջ երէկ տեղի ունեցած տեսակցութենէն որեւէ լուսանկար կամ տեսանիւթ չէ հրապարակուած։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022