ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան հրադադարի խախտումներ եւ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ 07.40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ Ատրպէյճանի բանակը կրակեց զանազան տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներով։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հայկական կողմը որեւէ կորուստ չէ ունեցած այս բախման հետեւանքով։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ հայկական բանակի պատասխան գործողութիւններէն վերջ կրակը դադրեցուած է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022