Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԱԿ-Ի ՆՈՐ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մինչեւ սեպտեմբերի 27-ը պիտի շարունակուի իր ուղեւորութիւնը, որու շրջանակներէն ներս Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի հանդիպումներուն։ Բացի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունենալիք ելոյթէն, Նիկոլ Փաշինեան կը նախատեսէ նաեւ ունենալ երկկողմանի տեսակցութիւններ՝ աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետը Նիւ Եորքի մէջ կը մէկտեղուի նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։
Նոյն առթիւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ վարչապետին հետ կ՚այցելէ Նիւ Եորք։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024