ՊԱՔՈՒ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՔՇԷ ՎԱՐԴԱՆ ՍՐՄԱՔԷՇԻ ՄԱՍԻՆ

Ատր­պէյ­ճան, որ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ թշնա­մի հռչա­կած է աշ­խար­հի բո­լոր հա­յե­րը, զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով իր թի­րա­խը կը դարձ­նէ հա­յոց սփիւռ­քէն կար­կա­ռուն, յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր։ Նման վի­ճակ մը այս շրջա­նին ստեղ­ծուած է զուի­ցե­րա­հայ յայտ­նի գոր­ծիչ, նշա­նա­ւոր գոր­ծա­րար ու դի­ւա­նա­գէտ Վար­դան Սրմա­քէ­շի պա­րա­գա­յին։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճան Զուի­ցե­րիա­յէն կը պա­հան­ջէ դա­տա­կան հե­տապնդ­ման ձեռ­նար­կել Վար­դան Սր­մա­քէ­շի դէմ։

Ըստ թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րուն, Ա­տր­­պէյ­ճա­նի Ընդ­հա­նուր դա­տա­խա­զու­թիւ­նը Հոկ­տեմ­բեր 21-ին յայ­տա­րա­րած է, թէ Զուի­ցե­րիա­յէն պա­հան­ջած է պատ­ժա­կան հե­տապնդ­ման ձեռ­նար­կել զուի­ցե­րա­հայ Վար­դան Սրմա­քէ­շի դէմ, որ «Ֆրանք Միւլ­լէր» ժա­մա­ցոյց­նե­րու ար­տադ­րու­թեան հաս­տա­տու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիրն է եւ Մար­սէյ­լի մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տո­սը:

Այդ պա­հան­ջին որ­պէս հիմք ցոյց տրուած է են­թա­կա­յին կող­մէ ձեռ­նար­կուած «ա­ռեւտ­րա­կան ա­պօ­րի­նի գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րը՝ Ա­տր­­պէյ­ճա­նէն գրա­ւուած հո­ղա­մա­սե­րուն մէջ»։ Այս­տեղ ակ­նար­կու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղին: Ա­տր­­պէյ­ճա­նա­կան դի­մում­նագ­րին մէջ ը­սուած է նաեւ, թէ ան «մի­ջազ­գա­յին ծա­ւա­լով ա­պօ­րի­նի քա­րոզ­չու­թիւն կը կա­տա­րէ ի նպաստ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի»:

Ա­տր­­պէյ­ճա­նի ընդ­հա­նուր դա­տա­խա­զը կը յայտ­նէ, որ Սրմա­քէշ ներ­կայ գտնուած է «գրա­ւեալ» Զան­կե­լա­նի շրջա­նին մօտ՝ Վէյ­նէ­լի գիւ­ղին մէջ ոս­կիի հան­քի մը բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, «ա­ռանց Ա­տր­­պէյ­ճա­նի ար­տօ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լու»: Սրմա­քէ­շի վե­րագ­րուած այլ մէկ «յան­ցանք»ն է նաեւ «Ա­տր­­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րու խախ­տու­մը, երկ­րին հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը խնդրոյ ա­ռար­կայ դարձ­նե­լով»:

Հարկ է նշել, որ Վար­դան Սր­մա­քէշ նախ­կին պոլ­սա­հայ մըն է, իր ծա­ւա­լած գոր­ծա­րար աշ­խա­տան­քին ա­ռըն­թեր, հսկա­յա­կան բա­րե­գոր­ծու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէ­ջ՝ մանաւանդ մարդասիրական բնագաւառէ ներս եւ աղքատութեան դէմ պայքարի նպատակով։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2015