ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ՖՈՐՈՒՄ

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Եւրոասիական շաբաթ» խորագրեալ համաժողովը, որ երրորդն է իր տեսակին մէջ։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթներով հանդէս եկան այս համաժողովի բացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոյն ծիրին մէջ տեղի ունեցան միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառ մը եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու արտահանման ապահովագրական գործակալութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւն մը։ Ընդհանուր առմամբ մասնակիցները այս ֆորումի առաջին օրուան ընթացքին քննարկեցին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան երկիրներու առկայ հարցերը։ «Եւրոասիական ֆորում»ի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է դառնալ գործօն հարթակ մը Իրանի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջեւ։

Վաղը իր աւարտին պիտի հասնի այս ֆորումը, որուն կը մասնակցին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան մասնակից երկիրներէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, շուրջ 2500 ընկերութիւններ եւ երրորդ երկիրներէ ալ 250 ընկերութիւններ։

Միւս կողմէ, այս առաւօտ ալ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ գործընկերութեան միջազգային ֆորումի լիագումար նիստը, որուն եւս մասնակցեցաւ Տիգրան Սարգսեան։ Օրակարգի վրայ էին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու փորձագիտական զարգացման ներուժն ու հնարաւորութիւնները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018