ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուտոլֆ Միխալքան, որ այցելեց Երեւան։ Մնացականեան հիւր դիւանագէտը շնորհաւորեց պատասխանատու պաշտօնի մէջ նշանակուելու բերումով եւ մաղթեց յաջողութիւն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մնացականեան ներկայացուց Հայաստանի դիրքորոշումն ու մօտեցումները։ Ան վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը ապահովելու ուղղութեամբ։ Նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը։ Ան շեշտեց, որ միջազգային գործընկերները պէտք է ձեռնպահ մնան այն բոլոր գործողութիւններէն, որոնք պատճառ կը դառնան տարածքաշրջանէ ներս սպառազինութիւններու մրցավազքի եւ կ՚աւելցնեն անկայունութեան վտանգները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018