ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։ «Ինթերֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարները քըն-նարկեցին բազմաբնոյթ հարցեր, ներառեալ սպառազինութիւններու վերաբերեալ համաձայնագրեր եւ Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Պոլթըն Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդին առընթեր շփումներ կ՚ունենայ նաեւ Քրեմլինի պալատէն եւ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Վերջին ամիսներուն Ճոն Պոլթըն արդէն երկրորդ անգամ կ՚այցելէ Մոսկուա։ Վերջին անգամ ան Ռուսաստանի մայրաքաղաքը մեկնած էր յուլիսին։ Օգոստոսին ալ Պոլթըն եւ Փաթրուշեւ հանդիպում մը ունեցած էին Ժընեւի մէջ։

Մոսկուա այցելութիւնը աւարտելէ վերջ Ճոն Պոլթընի ուղեւորութեան ծրագիրը պիտի շարունակուի Հարաւային Կովկասով։ Ան պիտի այցելէ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018