ՈՒՐՈՅՆ ՆՄՈՅՇՆԵՐ

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը տեղի ունեցաւ «Փրկեալ ձեռագործ հայոց» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Աստուածաբան, իրաւաբան Նարեկ Վան Աշուղաթոյեանի՝ արեւմտահայոց ձեռագործի անձնական հաւաքածոն կը ներկայացուի այս ցուցահանդէսին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ Վանի, Ուռհայի, Մարաշի եւ այլ շրջաններէ ներս հայոց կողմէ ժամանակին լայնօրէն օգտագործուած՝ զանազան կարի տեսակներով հարուստ ասեղնագործական բացառիկ նմոյշներ։ Այդ աշխատանքները՝ սրբիչեր, սաւաններ եւ այլ կենցաղային իրեր, 1650-1915 թուականներուն միջեւ ստեղծագործուած են։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Նարեկ Վան Աշուղաթոյեան պատմեց, որ ասեղնագործ բացառիկ նմոյշները մէկտեղելու հետաքրքրութեան առիթներէն մին եղած է՝ իր տան մէջ հայկական ձեռագործի քանի մը պատառիկի յայտնաբերումը։ «Երբ ձեռքս առի դժուար ուղի անցած նմոյշները, որոշեցի ուսումնասիրել ու հասկնալ, թէ անոնք ինչպէս կը մատուցուին միջազգային աճուրդներու մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հրատարակած են նաեւ գիրք մը, որու մէջ զետեղուած են իր հաւաքածոյի ցուցանմոյշներու մէկ մասը։ Իսկ միւս մասը ներկայացուած է երէկ բացուած ցուցահանդէսին մէջ։

Իր կարգին, ազգագրագէտ Հրասդան Թոքմաճեանն ալ անդրադարձաւ մերօրեայ ձեռագործ աշխատանքներուն եւ ընդգծեց, որ վերջին տասն տարուան ընթացքին ասեղնագործութեան նկատմամբ վերաբերմունքը շօշափելիօրէն փոխուած է։ Իր խօսքով՝ աշխարհը կը փոխուի, ժամանակները կը փոխուին, հետաքրքրական նոր երեւոյթները կեանքի մէջ կը շատնան եւ երբեմն կը թուի, թէ հին աւանդական զբաղումները կրնան մոռացուիլ։ «Բարեբախտաբար, ասեղնագործութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ու զարգանալ», ըսաւ Հրասդան Թոքմաճեան։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 23 նոյեմբեր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019