ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Քորոնաժահրի համավարակէ պաշտպանուելու համար ստեղծուած նոր սաղաւարտները իրարանցում յառաջացուցած է համացանցի մէջ։ Այսպէս, աշխարհի մէջ քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի շրջանակներէն ներս մարդիկ կը դիմեն աւանդական եւ նորարարական պաշտպանութեան ձեւերու՝ փորձելով ժահրի հետ ապրիլ կողք-կողքի, սակայն նաեւ անվտանգ միջավայր ստեղծել իրենց համար: Պաշտպանութիւն ապահովող նման նորարարական սարքերու շարքին կը դասուի վերջերս շուկայի վրայ ներկայացուած MicroClimate Air սաղաւարտը։

Այս սաղաւարտները յատկապէս ուշադրութիւն կը գրաւեն գիտական երեւակայական ձեւերու սիրահարներու կողմէ, քանի որ այնպիսի տեսք մը ունին անոնք կրողները, որոնք կարծես նոր դրուս եկած են տիեզերանաւէ մը։

Ընկերային ցանցերու մէջ մեծ իրարանցում յառաջացուցած այս սաղաւարտի ներքին մասին մէջ կը գտնուին յատուկ պարզուտ եւ օդափոխութեան համակարգեր, որոնք զանոնք կրողներուն համար «թարմ եւ առանց ջրաշոգիի» միջավայր կ՚ապահովեն: Այս սաղաւարտները կարելի է ձեռք բերել 199 տոլարով:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020