ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՇՐՋԱՆԻ ՊԱՍՏԱՌ ՄԸ

Պոթիչելլիի 550 տարեկան կտաւը կը հանուի աճուրդի։ Այսպէս, միջազգային խոշորագոյն Sotheby՚s աճուրդի տունը 80 միլիոն տոլարով աճուրդի կը հանէ Վերածնունդի վաղ շրջանի իտալացի գեղանկարիչ Սանտրօ Պոթիչելլիի կտաւը։

Ինչպէս յայտնի է «Մետայլը ձեռքին երիտասարդը» դիմանկարը թուագրուած է 1470-1480 թուականներուն։ Կտաւի ներկայ սեփականատէրը զայն գնած է 1982 թուականին՝ աւելի քան մէկ միլիոն տոլարով։ Ըստ Sotheby՚s-ի, ստեղծագործութիւնը կը վաճառուի աւելի քան 80 միլիոն ամերիկեան տոլարով: Աճուրդի տան ներկայացուցիչներու խօսքով՝ Պոթիչելլիի այս կտաւը ունի նախորդ մրցանիշը գերազանցելու բոլոր հնարաւորութիւնները եւ կրնայ դառնալ աճուրդի տան պատմութեան մէջ 100 միլիոն տոլարի շեմը յաղթհարած յաջորդ կտաւը:

Միւս կողմէ, Քլոտ Մոնէի «Խոտի դէզը» կտաւը 2019 թուականին Sotheby՚s աճուրդի տան կողմէ վաճառուած է 110.7 միլիոն տոլարով:

«Այս նկարը ոչ միայն Պոթիչելլիի մեծագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկն է, այլ նաեւ Վերածնունդի ժամանակաշրջանի ամենայայտնի նկարներէն մէկը: Յառաջիկայ տարիներուն հազիւ թէ այլ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի ձեռք բերել Վերածնունդի դարաշրջանի նման նշանակալի ու գեղեցիկ կտաւ մը», նկատած է աճուրդի տունը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020