ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներու եռակողմանի գագաթաժողովը տեղի ունեցաւ Սոչիի մէջ։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման ուղղեալ հեռանկարները։ Սոչիի գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարները առանձնազրոյցներ ալ ունեցան իրարու միջեւ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Վլատիմիր Փութին երէկուան գագաթաժողովէն առաջ Սոչիի մէջ հիւրընկալած էր նաեւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատը։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկուան գագաթաժողովին առթիւ յայտնեց, որ որոշումները պիտի ունենան նուրբ նշանակութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան համաձայնութեան հասած են՝ որպէսզի Սուրիայէ ներս ստեղծուին բախումներէ զերծ գօտիներ։ Այս երեք կողմերը կ՚երաշխաւորեն ծրագիր մը, որու վերահսկման եւ գործադրութեան համակարգման համար կը ծաւալեն սերտ համագործակցութիւն։ Այս երեւոյթի հիմնական ապացոյցը եղաւ երէկուան նախագահներու գագաթաժողովին նախորդած աշխատանքը։ Արդարեւ, նախագահներէն առաջ մէկտեղուեցան այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահները։ Ի լրումն այդ բոլորին՝ Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի երէկ մանրամասնօրէն անդրադարձան Սուրիոյ առկայ իրադրութեան։

Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովի աւարտին նախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ։ Անոնք մատնանշեցին, որ եռակողմանի այս համագործակցութիւնը ապագային ալ պիտի շարունակուի։

Էրտողան յայտնեց, որ եռակողմանի գագաթը մեծ նշանակութիւն ունի Սուրիայէ ներս արիւնահոսութեան կասեցման տեսակէտէ։ Ան կարեւորեց՝ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումներու կեանքի կոչուիլը։ Ըստ նախագահին, ահաբեկչական տարրերու գործընթացէն դուրս մնալը Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է։

Փութին յայտնեց, որ եռակողմանի համաձայնութիւնը տարածքաշրջանէ ներս պիտի նուազեցնէ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս, ներառեալ միջկրօնական խնդիրներու յառաջացումը։ Իր կարգին, Ռուհանին ալ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ տակաւին չէ աւարտած ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2017