ՑԱՒԱԼԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Տիարպաքըր եւ իր ծննդավայրը՝ Սիլվան։ Նորին սրբազնութեան ուղեկցեցաւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Նորին սրբազնութիւնը այցելութեան օրերուն տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան ականատես եղաւ, նաեւ շփուեցաւ իր ընտանեկան անդամներուն հետ։

Տիարպաքըրի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առաջին առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ Վաքըֆներու շրջանային տնօրէն Մեթին Էվսէնի հետ։ Հայր սուրբին առընթեր հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներէն Կաֆֆուր Թուրքայ։ Հանդիպումը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Զրոյցին միացան նաեւ ճարտարապետուհիներ՝ Սեմրա Հիլլէզ եւ Նեսլիհան Ալէօքմէն։ Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնը նորին սրբազնութեան նկատառման յանձնեց որոշ տեղեկութիւններ՝ քաղաքի կեդրոնի Սուր թաղամասի առկայ վիճակին մասին։ Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութիւնը ջանքեր գործադրած է մօտաւոր անցեալի ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով տուժած սրբավայրերը եւ պատմամշակութային ժառանգութեան մաս կազմող յուշարձանները պահպանելու ուղղութեամբ։ Հակառակ այդ բոլորին, կարելի չէ եղած յարձակումներէ եւ թալաններէ զերծ պահել սրբավայրերը։

Շուրջ կէս ժամուան այս զրոյցէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Մեթին Էվսէն եւ իրենց ընկերակիցները ուղղուեցան Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին։ Այս փուլին մասնակցեցան նաեւ Տիարպաքըրի կուսակալութեան եւ անվտանգութեան տնօրէնութեան կողմէ պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ Սուրի ոստիկանապետուհի Ասուման Քարաճըք։ Նորին սրբազնութիւնը փափաքած էր տեղւոյն վրայ ծանօթանալ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ առկայ վիճակին։ Դժբախտաբար շատ յուզիչ ու ցաւալի վկայութիւններ ունեցաւ ան, որովհետեւ եկեղեցին ներկայիս կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը եւ ընկերակիցները եկեղեցի մուտք գործեցին հարաւի մասէն, սակայն այդ բաժինը ներկայիս արդէն մաս կը կազմէ փողոցի՝ որովհետեւ համալիրի պարիսպները ամբողջութեամբ փուլ եկած են։

Տաճարէն ներս մուտք գործելով նորին սրբազնութեան յուզումը բազմապատկուեցաւ։ Արդարեւ, մօտաւոր անցեալին իր վերահսկողութեամբ եւ օրհնութեամբ բարեզարդուած մեր այս սրբավայրը շատ կարճ ժամանակ անց դժբախտաբար ենթարկուած է սրբապղծութեան համազօր յարձակումներու։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ականատես եղաւ եկեղեցւոյ հասցուած վնասներուն։ Աւագ խորանի բոլոր զարդաքանդակները եւ սիւները ջարդուած, կոտրուած էին մուրճերով։ Նոյնպէս ապակիները դարձած էին ջարդուփշուր։ Նստարանները յենուած էին պատուհաններուն։ Սրբանկարները պատռած էին, բոլոր ջահերն ու կանթեղները գողցուած, պահարաններու մէջ ի պահ դրուած ծիսակատարութեան նուիրական իրերն ու սրբազան անօթները գողցուած էին։

Այս ցաւալի տեսարանին առջեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արտայայտեց իր վրդովմունքը։ Նորին սրբազնութիւնը միեւնոյն ժամանակ դժգոհութիւն յայտնեց, որ պատասխանատու անձեր անտարբեր գտնուած են մեր այս սրբավայրի ենթարկուած կացութենէն։ Ան շեշտեց, որ իր անցեալ այցելութենէն ի վեր եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութիւնը վատթարացած էր։ Նորին սրբազնութեան նախորդ այցելութեան ժամանակ կարծես, թէ այսօրուան բաղդատմամբ յարաբերաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ էր Ս. Կիրակոս եկեղեցին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան իր վրդովմունքը բարձրաձայնելու առընթեր ընդգծեց, որ նման երեւոյթները անյարիր են Թուրքիոյ համակեցութեան փորձառութեան, լայնախոհ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ մեր երկրէ ներս խղճի ազատութեան խոր նախընթացներուն։ Իբր այդ, նորին սրբազնութիւնը ներկայ պատասխանատուներէն խնդրեց, որ ժամ առաջ աշխատանքի ձեռնարկուի այս եկեղեցւոյ վերականգնման համար։ Ան բացատրեց, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցին մասնաւոր դիրք մը ունի մեր համայնքի եւ հայ հաւատացեալ ժողովուրդի տեսակէտէ։ Առաջին հերթին պէտք է վերականգնուին այն պարիսպները, որոնք կը շրջապատեն եկեղեցին ու յարակից համալիրը։ Նորին սրբազնութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պէտք է սկսին վերաշինութեան աշխատանքները։ Ան յիշեցուց, թէ այս եկեղեցին երեսուն տարիէ ի վեր խոնարհուած վիճակի մէջ էր ու երեք տարուան աշխատանքով, նաեւ աւելի քան 2 միլիոն տոլարի ծախսով մը վերականգնուած էր մօտաւոր անցեալին։ Ս. Կիրակոս եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի հսկայագոյն քրիստոնէական սրբատեղին է։ Այս առումով ան ունի համաքրիստոնէական նշանակութիւն։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ թէ՛ հայ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ թէ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ շատ դրական արձագանգ ունեցած էր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնումը, ինչ որ բարձրացուցած էր նաեւ մեր երկրի միջազգային ընկալումը։ Ուստի, նորին սրբազնութիւնը ցաւ յայտնեց եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին համար եւ անոր դէմ գործուած յարձակումները համարեց անընդունելի ու տմարդի։ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելեց նաեւ յարակից Ս. Սարգիս մատուռը, ուր եւս առկայ կացութիւնը խորապէս ցաւալի է։

Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս նորին սրբազնութիւնը զրուցեց նաեւ DHA գործակալութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հարցազրոյցի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարեց, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ դէմ գործուած արարքները կը համարուին տմարդի։ Ան պախարակեց այս սրբավայրի պարագային ներկայիս ստեղծուած կացութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի այս յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

Ս. Կիրակոս եկեղեցիէն հրաժեշտ առնելէ վերջ նորին սրբազնութիւնը եւ ընկերակիցները այցելեցին քաղաքի հայ կաթողիկէ եւ հայ բողոքական եկեղեցիները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գոհունակութեամբ ականատես եղաւ, որ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Ան ուրախութիւն արտայայտեց այս կապակցութեամբ։ Նորին սրբութիւնը նոյնպէս գոհունակութեամբ ականատես եղաւ, որ հայ բողոքականաց եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը արդէն հասած էր իր աւարտին։ Այս դրական երեւոյթներուն համար Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Մեթին Էվսէնի անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց պետական աւագանիին կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքին կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, ան կարեւորեց Մշակոյթի նախարարութեան եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ընծայուած ուշադրութիւնը։

Սրբատեղիներու այցելութենէն վերջ, Մեթին Էվսէն ճաշասեղանով մը պատուեց նորին սրբազնութիւնը եւ իր ընկերակիցները։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ալ այցելեց Սիլվան, ուր իր ծննդավայրն է եւ աւանդաբար կ՚ընդունուի՝ որպէս բուն Տիգրանակերտ։ Հայր սուրբին առընթեր նորին սրբազնութեան ուղեկցեցան նաեւ իր կարգ մը հարազատները։ Նախապէս կարգադրուած ժամադրութիւններու հիման վրայ նորին սրբազնութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի կարգ մը պատասխանատուներուն հետ։ Այսպէս գաւառապետ Ատէմ Չելիքի հետ անմիջական հանդիպում մը ունեցաւ նորին սրբազնութիւնը, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց Սիլվանի երբեմնի հայ բնակչութեան եւ իր ընտանիքին մասին։ Փոխանակուեցան յուշանուէրներ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ տեղւոյն փոխ-քաղաքապետին՝ Իպրահիմ Իչկիրի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ փոխ-քաղաքապետի անմիջական գործակիցներէն Ասլան Պաքըր, որ նորին սրբազնութեան քրոջ թոռն է։ Ան գաւառակի ներկայ կացութեան ու ձեռնարկուած վերջին աշխատանքներուն մասին քաղեց մանրամասն տեղեկութիւններ։ Նոյնպէս, այս փուլին եւս փոխանակուեցան յուշանուէրներ։ Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը այցելեց տեղւոյն երկու մզկիթները, որոնք ժամանակին եղած էին հայկական եկեղեցիներ։

Աւելի վերջ Սիլվանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ սեղան մը սարքուեցաւ ի պատիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Ներկայ էին գաւառապետը, փոխ-քաղաքապետը, տեղւոյն միւֆթին Ռեմզի Պայտար, ԱՔ կուսակցութեան շրջանի մասնաճիւղի ղեկավար Նիմէթ Աքսոյ, շրջանէն այլ պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ յառաջատար անձնաւորութիւններ։ Ճաշասեղանի շուրջ ստեղծուեցաւ մտերմիկ մթնոլորտ։ Բազմաթիւ սեղանակիցներ վկայութիւններ փոխանցեցին նորին սրբազնութեան ընտանիքի երէցներուն մասին։ Անոնք ուրախութիւն յայտնեցին, որ ի շարունակութիւն գերդաստանի բարի համբաւին՝ հայ բարձրաստիճան հոգեւորական մը հասած է Սիլվանէն։ Սեղանակիցներէն ոմանք նորին սրբազնութեան յիշեցուցին, որ նոյնիսկ այսօր Սիլվանի մէջ ու շրջակայքին կ՚ապրին աւելի քան հազար հայեր, որոնք իրենց ինքնութիւնը չեն հրապարակեր։ Ճաշկերոյթի աւարտին, նորին սրբազնութիւնը բոլոր սեղանակիցներուն մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց եւ արտայայտեց իր գոհունակութիւնը՝ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան, նաեւ սիրոյ ու յարգանքի դրսեւորումներուն համար։ Արձակման փուլին նորին սրբազնութիւնը զրուցեց նաեւ «Անատոլու» գործակալութեան թղթակցին հետ։

Այս բոլորէն վերջ Սիլվանի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առանձնացաւ քրոջ, այս վերջնոյն զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռերուն հետ։ Ընտանիքի անդամներուն թիւը կը կազմէ աւելի քան վաթսուն հոգի։ Ընտանեկան յարկի ջերմութիւնը վայելելէ վերջ ուշ երեկոյեան նորին սրբազնութիւնը վերադարձաւ Տիարպաքըրի կեդրոնը։

Այսօր կէսօրին նախատեսուած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիպումը Տիարպաքըրի կուսակալ Հասան  Պասրի Կիւզէլօղլուի հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2017