ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ արարողութիւն մը։ Նիւ Եորքի մէջ այս առթիւ Խաղաղութեան աղօթք մը կազմակերպուած էր։ Ընդհանրապէս աշխարհի գաղթականներուն համար նախատեսուած աղօթք մըն էր այս մէկը։ Միջեկեղեցական արարողութեան մասնակցեցան Ուղղափառ գրեթէ բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները։ Ս. Վարդան Մայր տաճարի արարողութեան հանդիսապետեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆընտըքեան։ Ներկայ էին նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր  ժողովի ներկայ շրջանի նախագահ Մարիա Ֆերնանտա Էսփինոզա Կարսէսի աշխատակազմի ղեկավարը՝ Հուապենա Օսէյի Տանկուահ։

Ս. Վարդան Մայր տաճարի հանդիսաւոր ժամերգութեան մասնակից հոգեւոր առաջնորդները Բարձրեալի զօրակցութիւնը խնդրեցին աշխարհի բոլոր գաղթականներուն համար։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեցին՝ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն ի նպաստ օգնութեան ուղղութեամբ։ Քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները նոյն առթիւ կոչով մը դիմեցին նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու ենթարկուած ծայրայեղութիւններուն եւ բռնութիւններուն վրայ։ Հոգեւոր առաջնորդներու ակնկալութիւնն է, որ երաշխաւորուին Մերձաւոր Արեւելքէ ներս բազմազանութիւնը, բոլոր տեսակաւորութիւնները եւ կրօնական ազատութիւնները եւ այս բոլորը անշուշտ բոլորին համար։ Արեւելեան թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Սիմէոն Ծայրագոյն Վարդապետ Օտապաշեանն ալ այս արարողութենէն վերջ նշեց, որ սա հնարաւորութիւն մըն էր՝ որպէսզի Ուղղափառ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները հերթական անգամ ցոյց տան իրենց եղբայրական զօրակցութիւնը։ Տ. Սիմէոն Ծ. Վրդ. Օտապաշեան յայտնեց, որ կ՚աղօթէ՝ որպէսզի ապագային երաշխաւորուի քը-րիստոնեաներու միութիւնը։

Արարողութեան աւարտին Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի «Գավուքճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23, 2018