ԱՐԴԱՐ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

«Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր գեղարուեստական աշխարհէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Սա պարզ հետաքրքրութիւն մը չի համարուիր, որովհետեւ «Կոմիտաս» արդէն արժանացած է Թուրքիոյ Քննադատներու միութեան «Տարուան լաւագոյն ներկայացման» կոչումին, 24-րդ «Աֆիֆէ» մրցանակին եւ «Ենի թիյաթրօ» պարբերականի մասնաւոր մրցանակին։ Ի լրումն այս բոլորին «Ճեւատ Ֆեհմի Պոզքուրթ» մասնաւոր մրցանակին արժանացած է «Կոմիտաս»ի բեմագիրը։

Այս բոլորը «Եոլճու» թատերախումբի եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի ողջունելի համագործակցութեան արդիւնքն է, ինչ որ բարձր գնահատանքի կ՚արժանանայ նաեւ մեր համայնքին կողմէ։ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի կերպարը այս ներկայացումներու շարքով կ՚արժեւորուի եւ որպէս համամարդկային արժէք՝ շատ աւելի ընկալելի կը դառնայ Իսթանպուլի մէջ։

Լուսաւորիչ երգչախումբի եւ «Եոլճու» թատերախումբի այս ողջունելի համագործակցութեան առթած հրճուանքի մթնոլորտին մէջ, երէկ երեկոյեան արուեստագէտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Իրականութեան մէջ, արուեստագէտներուն տեսակէտէ արդար տօնախմբութիւն մըն էր այս մէկը՝ ի շարունակութիւն եղանակի տեւողութեան ապահովուած ձեռքբերումներուն։ Երեկոյթը տեղի ունեցաւ Ֆիշեքհանէի «Ֆերիտա Իսթանպուլ» ճաշարանին մէջ։ Բոլոր արուեստագէտներուն տեսակէտէ, որոնք երկար ժամանակ միասին արտադրած էին, բարձր նշանակութիւն ունէր այս ընդունելութիւնը, ինչ որ դարձաւ անմոռանալի։ Հաւաքոյթի տանտէրներն էին գրող Ահմէտ Սամի Էօզպուտաք եւ գրող Ժալէ Պալճը։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, վարպետ խոհարար մըն է, որու տեսած պատրաստութիւնով դրոշմուած էր երէկուան հաւաքոյթը։ Թատերական, գեղարուեստական ու գործարար աշխարհէն բազմաթիւ ներկաներ մասնակցեցան ընդունելութեան։ Բացի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանէն, հրաւիրեալներու շարքին էին բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր. ինչպէս՝ Էրտողան Միթրանի, Էճէ Սարուհան, Թիժէն Սաւաշքան, Եէթքին Եիւքսել, Պահար Չուհատար, Կիւլին Տէտէ Թեքին, Կէօզտէ Աթաքօղլու, Էտա Շէնթիւրք, Հանտէ Կէօքսան, Թիւլին Քերմեն, Իւմիթ Էրսին Կիւլէր, Նաթալի Պայրաքթարեան, Ֆեհմի Քարաասլան, Ալի Սամի Էօզպուտաք, Տույկու Փելիթ, Ճիհան Աշար եւ այլք։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2022