ՆՐԲԱՆԿԱՏ ՔԱՅԼԵՐ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու գագաթաժողովը, որու տանտէրն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ներկայիս այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահն է հայկական կողմը։ Երեւանի գագաթաժողովին կը մասնակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Ան այսօր կը ժամանէ Հայաստան։ Գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի առանձնազրոյցը, որուն կը վերագրուի մեծ նշանակութիւն։

Յամենայնդէպս, Մոսկուա միշտ կը գործէ նրբանկատ քայլերով՝ հաշուի առնելով Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու առկայ բարդութիւնները։ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին համար Երեւան ուղեւորուելու ընդառաջ, երէկ, Փութին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Կը հաղորդուի, որ անոնք մօտաւոր անցեալին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին անդրադարձան եւ քննարկեցին այնտեղ գոյացած համաձայնութիւններու գործնական իրականացման վերաբերեալ հարցեր։ Փութին եւ Ալիեւ շօշափեցին նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ աւելի առաջ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Անոնք ընդգծեցին եռակողմանի ձեւաչափով աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անվտանգութեան ապահովման եւ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան կապերու վերականգնման համար։

Երեւանի այսօրուան գագաթաժողովին ընդառաջ, երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքին։ Իսկ այսօր գագաթաժողովին կը նախորդէ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու, նաեւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու համատեղ նիստը։ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ եւս այս առթիւ մեկնած է Երեւան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկուան ժողովին ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանին ստեղծուած առկայ իրավիճակին։ Ան յիշեցուց, որ Ատրպէյճան անցեալ սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը ներխուժած է եւ բռնութիւն իրագործած՝ երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ։ «Սա այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումն է՝ այս տարուան սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի բռնութենէն յետոյ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2022