ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՏՂՈՑ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» կ՚աջակցի Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ծանր կացութեան եւ անապահովութեան մէջ գտնուող ու հայրենադարձ հաշմանդամ հայ փոքրիկներուն: Վերջիններս Հայաստան գալէ առաջ կը գտնուէին Հալէպի «Արեւիկ» կեդրոնի հոգածութեան տակ: Հայաստանի մէջ զանոնք համախմբած է «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նախաձեռնութեամբ, «Արեւիկ»ի 13-ամեայ յաջող փորձառութենէն մեկնելով, երկու տարի առաջ բացումը կատարուեցաւ «Արեւիկ-Հայաստան»ին:
Նուիրուած խումբին եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ՝ «ՀԱԼԷՊ»ը կարճ ժամանակի ընթացքին հասաւ յաջողութեան. «Արեւիկ-Հայաստան»ը հոգեբանական անվճար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ֆիզիքական եւ մտային հարցեր ունեցող սուրիահայերուն: Կեդրոնին մէջ կը կազմակերպուին ուսուցողական դասընթացքներ, ուսողութեան, նկարչութեան, երաժշտութեան, ֆիզիքական պատրաստուածութեան դասեր: Յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայուի խօսելու կարողութեան զարգացման, ձեռագործ աշխատանքներու ուսուցման:
«Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի մասնագիտական խումբը կը յաջողի թեթեւցնել հարցեր ունեցող սուրիահայերուն առօրեան եւ զանոնք առաւելագոյն չափով ներգրաւել հասարակական կեանքին մէջ: